Job 3WARMB

1Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր օրը անիծեց։

2Յոբ խօսեցաւ ու ըսաւ.

3«Կորսուի այն օրը, որուն մէջ ես ծնայ, Այն գիշերը, որուն մէջ ըսին թէ ‘Արու զաւակ մը ծնաւ’։

4Այն օրը խաւար ըլլայ Ու Աստուած չփնտռէ զանիկա վերէն Ու երբեք լոյս չծագի անոր վրայ։

5Խաւարն ու մահուան շուքը իրենց սեփականացնեն զանիկա, Ամպը ծածկէ զանիկա, Օրուան մթութիւնը վախցնէ զանիկա։

6Այն գիշերը մառախուղը պաշարէ. Անիկա տարուան օրերուն հետ չմիաւորուի՝ ՝ Ու ամիսներուն մէջ չհամրուի։

7Ահա այն գիշերը թող ամայի մնայ Ու անոր մէջ ուրախութեան ձայն չմտնէ։

8Օրը անիծողները թող անիծեն զանիկա, Որոնք պատրաստ են վիշապը արթնցնելու։

9Անոր գիշերուան աստղերը աղօտանան. Լոյսին սպասէ ու չունենայ. Արշալոյսին ճառագայթները չտեսնէ.

10Վասն զի մօրս արգանդին դռները չգոցեց Ու տառապանքը աչքերէս չծածկեց։

11Ինչո՞ւ համար մօրս արգանդին մէջ չմեռայ Ու որովայնէն ելածիս պէս չկորսուեցայ։

12Ինչո՞ւ ծունկերը ընդունեցին զիս Ու ինչո՞ւ ստինք տուին ինծի, որ ես ծծեմ։

13Վասն զի հիմա պառկած կը հանգչէի ու կը քնանայի. Այն ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի՝

14Իրենց համար աւերակներ շինող Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ,

15Կամ ոսկի ունեցող իշխաններուն հետ, Որոնք տուներնին արծաթով կը լեցնէին.

16Կամ թէ գաղտուկ վիժածի մը պէս կ’ոչնչանայի, Այն երախաներուն պէս՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան։

17Հոն չարերը մարդ տանջելէն կը դադարին Եւ հոն ուժէ ինկածները կը հանգստանան։

18Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին Ու ա՛լ չեն լսեր հարկապահանջին ձայնը։

19Պզտիկն ու մեծը հոն են, Ծառան իր տիրոջմէն ազատ է։

20Ինչո՞ւ համար թշուառութեան մէջ եղողին՝ լոյս Ու դառնահոգիներուն կեանք տրուի,

21Որոնք մահուան կը սպասեն ու անիկա չի գար Ու պահուած գանձերէն աւելի զանիկա կը փնտռեն.

22Գերեզմանը գտած ժամանակնին Խիստ ուրախ կ’ըլլան ու կը ցնծան։

23Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի մարդու մը, որուն ճամբան գոցուած է Ու Աստուած շրջապատած է զանիկա ամէն կողմէն։

24Որովհետեւ կերակուր ուտելէս առաջ իմ հեծութիւնս կու գայ Ու իմ աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին։

25Վասն զի ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի, ան ինծի հանդիպեցաւ Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի, ա՛ն ինծի հասաւ։

26Ո՛չ խաղաղութիւն ունիմ, ո՛չ հանգստութիւն Եւ ո՛չ հանդարտութիւն. բայց թշուառութիւնը իմ վրաս կու գայ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.