Job 40WARMB

1Տէրը Յոբին խօսելով՝ ըսաւ.

2«Արդ՝ Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Աստուծոյ հետ վիճաբանողը թող պատասխան տայ»։

3Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.

4«Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ. Ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ։

5Մէկ անգամ խօսեցայ, ա՛լ պատասխան պիտի չտամ. Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չկրկնեմ»։

6Այն ժամանակ Տէրը մրրիկէն Յոբին պատասխանեց.

7«Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛, Քեզի հարցնեմ ու դուն քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։

8Իմ դատաստանս պիտի խափանե՞ս, Քեզ արադարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես։

9Աստուծոյ պէս բազուկ ունի՞ս Եւ քու ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ։

10Հիմա փառաւորութիւնով ու մեծութիւնով զարդարուէ Եւ պատիւով ու փառքով հագուէ՛։

11Բարկութեանդ եռանդը տարածէ՛ Եւ ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա խոնարհեցո՛ւր։

12Ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա նուաճէ՛ Ու անօրէնները իրենց տեղը կոխկռտէ՛։

13Անոնց ամէնքն ալ հողին մէջ աներեւոյթ ըրէ, Երեսնին գաղտուկ տեղ պահէ։

14Այն ատեն ես ալ քեզի պիտի իմացընեմ, Թէ աջ ձեռքդ քեզ կրնայ ազատել։

15Ահա Բեհեմովթը, որ քեզի հետ ստեղծեցի. Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։

16Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ։

17Պոչը կ’երերցնէ եղեւինի պէս, Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են։

18Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ՝ ՝ են, Անոր անդամները երկաթէ նիգերու պէս են։

19Աստուծոյ գործին սկիզբն է անիկա. Զանիկա ստեղծողը իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել՝ ՝։

20Արդարեւ անոր պաշար կը բերեն լեռները, Ուր դաշտի գազանները կը խաղան։

21Անիկա ստուերոտ ծառերուն տակ, Եղէգներուն շուքը ու ճահիճներուն մէջ կը պառկի։

22Ստուերոտ ծառերը իրենց շուքովը կը ծածկեն զանիկա, Հեղեղատներուն ուռիները անոր բոլորտիքն են

23Եթէ գետը առատանայ, անիկա չի վախնար. Թէեւ Յորդանան անոր բերանը դիմելու ըլլայ, ան հանդարտ կը կենայ։

24Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞. Որոգայթի մէջ անոր քիթը ո՞վ կրնայ ծակել՝ ՝»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 40.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.