Job 41WARMB

1«Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել։

2Անոր քթին չուան անցընելով Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել։

3Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞, Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞։

4Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞։ Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել։

5Թռչունի հետ խաղալու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս խաղալ, Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել։

6Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել. Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞։

7Անոր մորթը սլաքներով Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել։

8Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ Ու նորէն պիտի չպատերազմիս։

9Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է. Զանիկա տեսնելով՝ մարդ չի՞ զարհուրիր։

10Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։ Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ։

11Ո՞վ նախապէս ինծի տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ. Բոլոր երկնքի տակ եղածը իմս է։

12Անոր անդամներուն ու զօրութեանը, Նաեւ գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայ պիտի խօսիմ ու պիտի չլռեմ։

13Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ, Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել,

14Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ, Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է։

15Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են, Պինդ կնքուածի պէս գոց են։

16Այնպէս քովէ քով շարուած են, Որ անոնց մէջ քամի չի կրնար մտնել.

17Իրարու կցուած են, Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։

18Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի Ու աչքերը արշալոյսին արտեւանունքներուն կը նմանին։

19Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։

20Քթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս։

21Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին Ու բերնէն բոց կ’ելլէ։

22Անոր պարանոցին վրայ ոյժը կը բնակի Ու երկիւղը անոր առջեւ կը խաղայ։

23Անոր մսին ծալուածքները փակած են, Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար։

24Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է Ու աղօրիքին տակի քարին պէս ամուր է։

25Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան Ու երկիւղէն կը շփոթին։

26Անոր վրայ յարձակողին սուրը չի դիմանար, Ո՛չ ալ նիզակը, գեղարդն ու զրահը։

27Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ Ու պղինձը՝ փտտած փայտի պէս։

28Աղեղին նետը զանիկա չի փախցներ, Պարսատիկի քարերը անոր դէմ մղեղ կը դառնան։

29Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ, Տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ։

30Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան, Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ։

31Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ Ու ծովը օծանելիքի կաթսային նման կ’ընէ։

32Իր ետեւէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ, Անդունդը ճերմկցած մազերու կը նմանի։

33Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ, Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ։

34Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի, Բոլոր հպարտութեան որդիներուն թագաւորն է»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 41.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.