1«Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս. Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։
2Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։
3Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին Ու ցաւերնին կ’անցընեն։
4Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան, Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։
5Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց,
6Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։
7Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։
8Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։
9Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞, Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։
10Արտ վարելու համար՝ ՝ միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել, Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։
11Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։
12Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ Եւ քու կալդ հաւաքէ։
13Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։ Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞ ։
14Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ,
15Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել, Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։
16Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս. Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։
17Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։
18Անիկա բարձր ելած ժամանակը Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։
19Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր, Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր։
20Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել. Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը՝ ՝ ահաւոր է։
21Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ. Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ.
22Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։
23Նետերը անոր վրայ կը սուլեն, Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։
24Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ չի կրնար ինքզինք զսպել։
25Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։ Հեռուէն կառնէ պատերազմին հոտը։ Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ ։
26Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։
27Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։
28Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։
29Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։ Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։
30Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։