1Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ.
2«Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերով Խորհուրդը կը նսեմացնէ։
3Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛. Քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։
4Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։
5Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը, Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։
6Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են, Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ,
7Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին Ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։
8Նաեւ ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝ Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով,
9Երբ ամպը անոր հանդերձ դրի Ու մէգը՝ խանձարուր
10Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝ Անոր փականք ու դռներ դրի
11Ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիր Եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’։
12Կեանքիդ մէջ երբեք առաւօտեան հրաման ըրի՞ր, Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր,
13Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէ Ու չարագործները անկէ թօթուուին։
14Երկիր նոր ձեւ մը կառնէ կնքուած կաւի պէս Եւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի՝ ՝ պէս կ’երեւնայ։
15Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսը Ու բարձրացած բազուկը կը խորտակուի։
16Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես Ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես։
17Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզի Ու մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։
18Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։ Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛։
19Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է, Ու խաւարին տեղը ո՞ւր է,
20Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիս Ու անոր տանը ճամբաները իմանաս։
21Դուն այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համար Ու քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես։
22Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես Ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես,
23Որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի Ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար։
24Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի Եւ ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։
25Հեղեղներուն համար՝ անցք Ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ,
26Որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ, Անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր,
27Որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ Ու կանանչ խոտ բուսցնէ։
28Անձրեւը հայր ունի՞, Կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։
29Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ Ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը։
30Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան, կը պահուին Ու անդունդին երեսը կը սառի։
31Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել. Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել։
32Մազարօթը ժամանակին կրնա՞ս հանել Ու Արջին եւ իր զաւակներուն առաջնորդել։
33Երկնքի կանոնները գիտե՞ս, Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։
34Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել, Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։
35Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան Ու քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։
36Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, Կամ մտքին ո՞վ հանճար տուաւ։
37Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել Ու երկնքի տիկերը պառկեցնել,
38Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայ Հողին կոշտերը իրարու կը փակչին։
39Առիւծին համար կերակուր կրնա՞ս որսալ։ Անօթի կորիւնները կրնա՞ս կշտացնել,
40Երբ անոնք իրենց քարայրներուն մէջ կը կծկտին Ու դարանի համար որջերուն մէջ կը կենան։
41Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը, Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն Եւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին»։