Job 37WARMB

1Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ Ու իր տեղէն կ’երերայ։

2Անոր ձայնին որոտումին Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։

3Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։

4Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ, Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։

5Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։

6Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին. ‘Երկրի վրայ իջիր’։ Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։

7Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ, Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։

8Գազանները որջերնին կը մտնեն Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։

9Հարաւէն փոթորիկ կու գայ Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։

10Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։

11Խիտ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ, Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։

12Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին, Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։

13Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։

14Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։

15Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։

16Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։

17Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։

18Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը, Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։

19Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր. Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։

20Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր, Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։

21Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ, Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։

22Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։ Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։

23Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ Ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ՝ ՝։

24Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ. Սրտով իմաստուններուն բնաւ չի նայիր՝ ՝»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 37.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.