1Ու Եղիուս շարունակելով՝ ըսաւ.
2«Քիչ մը համբերէ ինծի ու ես քեզի յայտնեմ, Թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ ։
3Գիտութիւնս հեռուէն պիտի առնեմ Ու արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։
4Իրաւցընէ իմ խօսքերս սուտ չեն։ Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է։
5Ահա Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չ’արհամարհեր, Անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը։
6Անիկա ամբարիշտը չ’ապրեցներ Ու նեղեալներուն իրաւունք կ’ընէ.
7Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ Ու զանոնք թագաւորներուն հետ աթոռի վրայ կը դնէ ։ Զանոնք յաւիտեան կը նստեցնէ ու կը բարձրանան։
8Անոնք եթէ շղթաներով կապուելով Թշուառութեան կապերուն մէջ բռնուին,
9Այն ատեն անոնց կը յայտնէ իրենց գործերը Ու իրենց յանցանքներուն շատնալը։
10Նաեւ անոնց ականջը կը բանայ, որպէս զի խրատ ընդունին Եւ անոնց կը պատուիրէ, որ անօրէնութենէ դառնան։
11Եթէ անոնք հնազանդելով՝ անոր ծառայութիւն ընեն, Իրենց օրերը բարութիւնով եւ տարիները ուրախութիւնով պիտի անցընեն։
12Բայց եթէ անոնք չհնազանդին, սուրէ պիտի անցնին Ու առանց գիտութեան պիտի մեռնին։
13Անոնք որ սրտով կեղծաւոր են, իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն. Երբ զանոնք կապէ, անոր չեն աղաղակեր։
14Անոնց անձը երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնի Ու անոնց կեանքը պիղծերուն մէջ պիտի վախճանի ։
15Աղքատը կ’ազատէ իր թշուառութեանը ատենը Ու նեղութեան մէջ անոր ականջը կը բանայ։
16Քեզ ալ նեղութենէ պիտի ազատէր Ու այնպիսի ընդարձակութեան բերէր, ուր նեղութիւն չկայ Ու քու սեղանդ դրուածը պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլար։
17Բայց եթէ դուն չարին դատը պաշտպանեցիր, Իրաւունքն ու դատաստանը քեզ պիտի բռնեն։
18Որովհետեւ բարկութիւն կայ, չըլլայ որ հարուածով մը քեզ վերցնէ. Այն ատեն մեծ փրկանքը քեզ չի կրնար ազատել։
19Միթէ անիկա քու հարստութիւնդ բանի մը տեղ կը դնէ՞. Ո՛չ ոսկին ու ո՛չ մեծ գանձերը բան մը կը համարէ ։
20Մի՛ փափաքիր այն գիշերուան, Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան՝ ՝։
21Զգուշացիր անօրէնութեան դառնալէ. Վասն զի դուն ասիկա թշուառութենէ աւելի նախընտրեցիր։
22Ահա Աստուած իր զօրութիւնովը բարձրացած է՝ ՝. Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել։
23Անոր քալելու ճամբան ո՞վ որոշեց Եւ ո՞վ ըսաւ անոր թէ՝ ‘Դուն անիրաւութիւն գործեցիր’։
24Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը, Որոնք մարդիկ կը տեսնեն։
25Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք, Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ։
26Ահա Աստուած մեծ է ու մենք չենք գիտեր Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է։
27Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ, Որոնք իր գոլորշիէն անձրեւ կը թափեն,
28Որ ամպերը վազցնելով Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։
29Բայց ոեւէ մէկը ամպերուն տարածուիլը Ու անոր վրանին գոռումը կրնա՞յ հասկնալ։
30Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ։
31Ժողովուրդները այս բաներով կը դատէ Ու առատօրէն կերակուր կու տայ։
32Ափովը կայծակը կը ծածկէ Ու կը հրամայէ որ նշանակէտին զարնէ։
33Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը. Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի՝ ՝։