1Դարձեալ Եղիուս իր խօսքերը շարունակելով՝ ըսաւ.
2«Արդեօք կը կարծես թէ ասիկա շիտա՞կ է, Երբ ըսիր թէ ‘Ես Աստուծոյ առջեւ արդար եմ’։
3Քանզի դուն ըսիր՝ ‘Քեզի ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ. Մեղքէս աւելի ի՞նչ կը վաստկիմ’։
4Ահա ես քեզի պատասխան կու տամ, Նաեւ քեզի հետ քու բարեկամներուդ
5Երկինք նայէ՛ ու տե՛ս. Ամպերը դիտէ՛, որոնք քեզմէ աւելի բարձր են։
6Եթէ դուն մեղք գործես, Անոր դէմ ի՞նչ ըրած կ’ըլլաս Ու երբ քու անօրէնութիւններդ շատնան, Անոր ի՞նչ կ’ընես։
7Եթէ արդար ես՝ Անոր ի՞նչ կու տաս, Կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ։
8Քու ամբարշտութիւնդ քեզի պէս մարդուն Ու արդարութիւնդ մարդու որդիին օգուտ չունին։
9Անիրաւութիւններուն շատութենէն կը բողոքեն, Բռնաւորներուն բազուկին համար կ’աղաղակեն։
10Բայց մէ՛կը չ’ըսեր թէ ‘Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է, Ան որ գիշերուան մէջ երգեր կու տայ,
11Ան որ մեզ՝ երկրի անասուններէն աւելի գիտուն Ու երկնքի թռչուններէն աւելի իմաստուն կ’ընէ’։
12Հոն չարերուն հպարտութեանը համար կ’աղաղակեն, Բայց Աստուած պատասխան չի տար՝ ՝։
13Արդարեւ Աստուած ունայնութեան մտիկ չ’ըներ Ու Ամենակարողը անոր չի նայիր։
14Ու թէեւ կ’ըսես թէ զանիկա չես տեսներ, Բայց հարցը անոր առջեւն է, ուստի անոր յուսա։
15Հիմա իր բարկութեան ըրածը բան մը չէ Ու անօրէնութիւնը նկատի առած չէ։
16Ուստի Յոբ իր բերանը զուր տեղը բանալով՝ Առանց գիտութեան խօսքեր կը շատցնէ»։