Job 34WARMB

1Այն ատեն Եղիուս իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ.

2«Ո՛վ իմաստուններ, իմ խօսքերուս մտիկ ըրէք Եւ դո՛ւք, ո՛վ գիտուններ, ինծի ականջ դրէք։

3Քանզի ականջը խօսքերը կ’որոշէ, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։

4Իրաւունքը մեզի ընտրենք, Մեր մէջ գիտնանք թէ ո՞ր բանը աղէկ է։

5Որովհետեւ Յոբ ըսաւ. ‘Ես արդար եմ, Բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց։

6Միթէ իմ իրաւունքս սո՞ւտ պիտի հանեմ. Իմ վէրքս մահաբեր է, թէեւ յանցանք չունիմ’։

7Յոբի պէս մարդ ո՞վ կայ, Որ հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմէ.

8Որ անօրէնութիւն գործողներուն հետ ընկերութեամբ պտըտի Ու ամբարիշտ մարդոց հետ քալէ.

9Վասն զի ըսաւ. ‘Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն մարդուս օգուտ մը չկայ’։

10Ասոր համար ինծի մտիկ ըրէք, ո՛վ իմաստուններ, Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն Ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ։

11Որովհետեւ Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ Ու ամէն մարդու՝ իր ճամբուն համեմատ գտնել կու տայ։

12Արդարեւ Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ Ու Ամենակարողը դատը չի ծռեր։

13Երկիրը ո՞վ յանձնեց անոր Ու բոլոր աշխարհը ո՞վ կարգի դրաւ։

14Եթէ իր սիրտը այսպէս ուզելու ըլլայ՝ ՝, Մարդուս հոգին ու շունչը իրեն կը հաւաքէ։

15Այն ատեն ամէն մարմին մէկէն կը մեռնի Ու մարդը հող կը դառնայ։

16Հիմա եթէ հասկացողութիւն ունիս ՝ ասոր մտիկ ըրէ. Խօսքերուս ձայնին ակա՛նջ դիր։

17Միթէ արդարութիւնը ատողը կրնա՞յ իշխել, Կամ արդար Հզօրը յանցաւոր կրնա՞ս հանել։

18Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ՝ ‘Եղեռնագործ ես’ Ու ազնուականներուն՝ թէ ‘Չար մարդիկ էք ’.

19Ան՝ որ իշխաններուն աչառութիւն չ’ըներ Ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր, Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են,

20Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին։ Կէս գիշերին ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով՝ պիտի անցնին Ու զօրեղները պիտի վերցուին՝ առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն ։

21Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են Ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։

22Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝ Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին։

23Վասն զի մարդուս վրայ երկար քննութիւն չ’ըներ՝ ՝. Երբ անիկա Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։

24Անիմանալի կերպով ՝ ՝ զօրաւորները կը կոտրէ Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ։

25Քանզի անոնց գործերը գիտէ Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ ու կը խորտակուին։

26Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝ Ամենուն առջեւ՝ ՝ զանոնք կը զարնէ։

27Որովհետեւ անոր չհետեւեցան Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան.

28Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց։

29Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ, Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ։ Ու եթէ անիկա երեսը պահէ, Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը եւ թէ՛ մարդու մը։

30Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։

31Արդարեւ պէտք է Աստուծոյ ըսել՝ ‘ Պատիժ կրեցի, ա՛լ չարութիւն չեմ ըներ.

32Ինծի ցուցուր ինչ որ չեմ տեսներ. Եթէ ամբարշտութիւն գործեցի, ա՛լ չեմ գործեր’։

33Արդեօք քու ուզածի՞դ պէս պիտի հատուցանէ, որ հակառակ կը կենաս. Քանզի դո՛ւն ընտրելու ես, ո՛չ թէ ես. Ուրեմն ինչ որ գիտես, խօսէ՛։

34Իմաստունները պիտի ըսեն ինծի հետ (Ու գիտուն մարդը, որ ինծի մտիկ կ’ընէ)՝

35‘Յոբ խելացութիւնով չխօսեցաւ Ու անոր խօսքերը իմաստութեամբ չեն’։

36Իմ փափաքս այս է, որ Յոբ մինչեւ վերջը փորձուի. Վասն զի ամբարիշտներու պէս պատասխաններ տուաւ։

37Քանզի իր մեղքին վրայ ապստամբութիւն կ’աւելցնէ, Մեր մէջ ծափ կը զարնէ Ու Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 34.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.