Job 29WARMB

1Յոբ նորէն իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.

2«Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս, Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի,

3Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսովը կը քալէի։

4Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս՝ Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր.

5Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին։

6Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին։

7Երբ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի,

8Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին Ու ծերերը ոտքի կ’ելլէին, կը կանգնէին,

9Իշխանները խօսելէն կը դադարէին Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին,

10Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին, Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։

11Ինծի մտիկ ընող ականջը ‘Երանի՜’ կ’ըսէր ինծի Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար։

12Վասն զի ես աղաղակող աղքատը Եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։

13Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար Ու որբեւարիին սիրտը կ’ուրախացնէի։

14Արդարութիւն կը հագնէի։ Անիկա էր իմ հանդերձս։ Ու ուղղամտութիւնը պատմուճանի ու խոյրի պէս էր։

15Կոյրին աչքեր էի Ու կաղին՝ ոտքեր։

16Աղքատին հայր էի։ Կը պաշտպանէի իրաւունքը անոր, որ չէի ճանչնար։

17Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի

18Ու կ’ըսէի. «Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։

19Արմատս դէպի ջուրերը կը տարածուէր Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոստերուս վրայ էր։

20Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար»։

21Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին։ Երբ իմ խորհուրդս յայտնէի՝ լուռ կը կենային։

22Իմ խօսելէս յետոյ անոնք ա՛լ չէին խօսիր։ Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր։

23Անձրեւի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին Ու վերջին անձրեւին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային։

24Եթէ անոնց վրայ խնդայի՝ չէին հաւատար Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել։

25Անոնց ճամբաները ընտրելով՝ իբր իշխան կը նստէի Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս Ու սգաւորներուն՝ մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 29.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.