1«Արդարեւ արծաթը իր երակը ունի Ու ոսկին իր զտուելու տեղը։
2Երկաթը հողէն կ’առնուի, Հանքէն պղինձ կ’ելլէ ։
3Մարդը խաւարին վախճան կը դնէ Ու ամէն բան կատարելապէս կը քննէ, Շատ ծածուկ պահուած քարերը՝ որոնք մահուան ստուերին մէջ են։
4Իր բնակած տեղին քով փոս կը բանայ. Ոտք չկոխած տեղը կը կախուին Ու մարդոցմէ հեռու կ’երերան։
5Երկրէն հաց կ’ելլէ Ու անոր տակ կրակի նման բաներ կը գտնուին։
6Անոր քարերը շափիւղաներու տեղ են Ու հոն ոսկիի աւազ կայ։
7Յափշտակող թռչունը անոր շաւիղը ճանչցաւ Ու անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ։
8Վայրենի գազանները՝ ՝ հոն ոտք կոխած չեն, Առիւծը անկէ անցած չէ։
9Մարդը իր ձեռքը կ’երկնցնէ ապառաժներուն Ու լեռները հիմէն կը տապալէ։
10Ապառաժները ճեղքելով՝ անոնց մէջէն վտակներ կ’անցնէ. Անոր աչքը կը տեսնէ ամէն թանկագին բան։
11Գետերը վազելէն կ’արգիլէ Ու գաղտուկ եղածը երեւան կը հանէ։
12Բայց իմաստութիւնը ո՞ւր կը գտնուի Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։
13Մարդը անոր յարգը չի գիտեր Ու կենդանիներուն երկրին մէջ չի գտնուիր։
14Անդունդը կ’ըսէ. ‘Անիկա իմ մէջս չէ’ Ու ծովը կ’ըսէ. ‘Իմ քովս չէ’։
15Զուտ ոսկիով ծախու չ’առնուիր Ու անոր արժէքին համար արծաթ չի կշռուիր,
16Ո՛չ Ոփիրին ոսկիով կը փոխուի, Ո՛չ ալ պատուական եղնգնաքարով ու շափիւղայով։
17Ոսկին ու ակնվանին չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Զուտ ոսկիէ ամաններով չեն փոխանակուիր։
18Բուստն ու բիւրեղը անոր քով չեն յիշուիր։ Իմաստութեան գինը յակինթներու գին էն աւելի բարձր է։
19Եթովպիայի տպազիոնին գինը անոր չի հաւասարիր Ու զուտ ոսկիով չի փոխուիր։
20Ուրեմն իմաստութիւնը ուրկէ՞ կու գայ Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։
21Բոլոր ապրողներուն աչքերէն ծածկուած Ու երկնքի թռչուններէն պահուած է։
22Կորուստն ու մահը կ’ըսեն. ‘Մենք անոր համբաւը մեր ականջներովը լսեր ենք’։
23Աստուած կը ճանչնայ անոր ճամբան Ու անոր տեղը ինք գիտէ։
24Քանզի մինչեւ երկրի ծայրերը կը դիտէ Ու բոլոր երկնքի տակ եղածը կը տեսնէ։
25Երբ հովին կշիռ կը դնէր Ու ջուրերը չափով կը չափէր,
26Երբ անձրեւին օրէնք Ու որոտումներուն ճամբայ կ’որոշէր,
27Այն ատեն տեսաւ զանիկա ու յայտնեց Պատրաստեց զանիկա ու նաեւ քննեց
28Ու մարդուն ըսաւ. ‘Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը Ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է’»։