1Յոբ դարձեալ իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2«Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է։
3Քանի որ շունչս վրաս է Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ,
4Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չըսեն Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի։
5Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։ Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ։
6Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում Ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս ։
7Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս պիտի ըլլայ Ու ինծի դէմ ելլողը՝ անզգամի պէս։
8Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է (թէեւ հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ), Երբ Աստուած անոր հոգին առնէ։
9Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞, Երբ անոր վրայ փորձանք գայ։
10Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ. Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞։
11Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ. Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։
12Ահա դուք ամէնքդ ալ տեսաք Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք։
13Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը.
14Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ։
15Անոր մնացորդները ժանտախտով պիտի թաղուին, Բայց անոր որբեւարիները պիտի չլան։
16Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ,
17Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ։
18Իրեն տուն մը կը շինէ սարդի ոստայնի պէս Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։
19Հարուստը կը պառկի ու չ’ամփոփուիր. Աչքերը կը բանայ ու՝ ՝ ոչինչ կ’ըլլայ։
20Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի։ Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա։
21Արեւելեան հովը պիտի քշէ զանիկա ու ան պիտի երթայ Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ։
22Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ ու պիտի չխնայէ. Ան ալ պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ։
23Անոր համար ծափ պիտի զարնեն Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն»։