1Այն ատեն Յոբ պատասխանեց.
2«Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր։
3Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր Ու ի՞նչ իմաստութիւն ցուցուցիր։
4Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ։
5Ոգիները վարէն կը դողան, Նաեւ ջուրերն ու անոնց բնակիչները։
6Դժոխքը բաց է անոր առջեւ Ու կորուստը անծածկոյթ է։
7Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ։
8Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։
9Իր աթոռին երեսը կը պահէ, Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։
10Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։
11Երկնքի սիւները կը սարսին Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին։
12Իր զօրութիւնովը ծովը կը խաղաղեցնէ Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ։
13Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց։ Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց։
14Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, Բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է. Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը»։