Job 22WARMB

1Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.

2«Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. Խելացի մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։

3Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս, Կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես։

4Միթէ Իրմէ վախնալուդ համար քեզ կը յանդիմանէ՞, Քեզի հետ դատաստանի կը մտնէ՞։

5Չէ՞ որ քու անզգամութիւնդ մեծ է Ու անօրէնութիւններդ անհամար են։

6Որովհետեւ եղբայրներէդ առանց պատճառի գրաւ առիր Ու մերկերուն հանդերձները յափշտակեցիր,

7Ծարաւցածին ջուր չխմցուցիր Ու հացը անօթիէն խնայեցիր։

8Զօրաւորը կը տիրէ երկրին Ու անոր մէջ պատուաւորը կը բնակի։

9Որբեւարի կիները դատարկ ղրկեցիր Ու որբերուն թեւերը կոտրտեցան։

10Անոր համար քու բոլորտիքդ որոգայթներ լարուած են Ու յանկարծահաս վախը քեզ կը զարհուրեցնէ։

11Կամ այնպիսի խաւար մը քեզ պատեր է, որ չես կրնար տեսնել Ու ջուրերուն շատութիւնը քեզ կը ծածկէ։

12Աստուած երկնքին խիստ բարձր տեղը չէ՞. Հիմա աստղերուն բարձրութեանը նայէ, ո՜րչափ բարձր են։

13Ու դուն ըսիր. ‘Ի՞նչ գիտէ Աստուած, Մառախուղին մէջէն դատաստա՞ն պիտի ընէ.

14Ամպերը անոր առջեւ ծածկոյթ են ու չի տեսներ Եւ անիկա երկնքի կամարին վրայ կը պտըտի’։

15Ուշադրութիւն ըրի՞ր՝ ՝ այն հին ճամբային՝ ՝, Ուր անօրէն մարդիկը պտըտեցան,

16Որոնք յանկարծակի յափշտակուեցան, Որոնց հիմերը հեղեղը ընկղմեց։

17Անոնք կ’ըսէին Աստուծոյ. ‘Հեռացիր մեզմէ’, Ու ‘Ամենակարողը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել’։

18Թէեւ անոնց տունը բարութիւնով լեցուցեր էր, Բայց անզգամներուն խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։

19Արդարները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Եւ անմեղները զանոնք ծաղր պիտի ընեն՝ ըսելով.

20‘Մեր թշնամիները կորսուած են Ու անոնց մնացորդը կրակը կերաւ’։

21Աղէ՜, Անոր հետ բարեկամ եղիր ու խաղաղութիւն ունեցիր Ու ասիկա քեզի օգտակար կ’ըլլայ։

22Անոր բերնէն օրէնքը ընդունէ Ու անոր խօսքերը սրտիդ մէջ դիր։

23Եթէ Ամենակարողին դառնաս եւ խոնարհիս, Եթէ անօրէնութիւնը քու վրաններէդ հեռացնես,

24Եթէ ոսկին հողին վրայ դնես Ու Ոփիրի ոսկին՝ հեղեղատներու քարերուն վրայ,

25Եթէ Ամենակարողը քու ոսկիդ է, Քու թանկագին արծաթդ,

26Այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանաս Ու երեսդ դէպի Աստուած պիտի վերցնես.

27Անոր պիտի աղաչես ու քեզի պիտի լսէ Եւ քու ուխտերդ պիտի կատարես։

28Եթէ դիտաւորութիւն մը ունենաս՝ քեզի պիտի յաջողի Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ։

29Տէրը կը խոնարհեցնէ հարուստը, բայց խոնարհները կը պահէ։ Քանզի այն ատեն պիտի ազատէ զանիկա, որ աչքերով խոնարհած էր։

30Անմեղը պիտի ազատէ Ու քու ձեռքերուդ մաքրութիւնովը պիտի ազատուիս»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 22.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.