1Յոբ պատասխանեց.
2«Խօսքիս աղէկ մտիկ ըրէք Ու այս ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը։
3Ինծի համբերեցէք ու ես խօսիմ Ու խօսելէս ետքը ծաղր ըրէք։
4Միթէ ես մարդո՞ւ հետ կը վիճիմ Եւ ինչո՞ւ համար հոգիս չտրտմի։
5Ինծի նայեցէ՛ք ու ապշեցէ՛ք Ու բերաննուդ վրայ ձեռք դրէ՛ք։
6Այս բաներուն վրայ մտածելով կը զարհուրիմ Ու մարմինս կը սկսի դողալ։
7Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին, Կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան։
8Անոնց սերունդը իրենց հետ կը հաստատուի իրենց առջեւ Եւ անոնց զաւակները՝ աչքերնուն առջեւ։
9Տուներնին խաղաղութեան մէջ է ու վախէ ազատ Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ։
10Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի ու դատարկ չ’ելլեր. Կովը իր հորթը կը ծնանի ու վիժում չունենար։
11Իրենց պզտիկները ոչխարի հօտի պէս կը հանեն Ու անոնց տղաքը ուրախութեամբ կը ցատկռտեն.
12Թմբուկով ու քնարով կ’երգեն Ու սրինգին ձայնովը կ’ուրախանան։
13Անոնք օրերնին զուարճութիւնով կ’անցընեն Ու խաղաղութեամբ գերեզմանը կ’իջնեն։
14Եւ Աստուծոյ կ’ըսեն. ‘Քաշուէ՛ մեզմէ, Վասն զի քու ճամբաներդ գիտնալ չենք ուզեր։
15Ամենակարողը ո՞վ է, որ անոր ծառայենք Ու եթէ անոր աղօթք ընենք, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք’։
16Ահա անոնց բարիքը ձեռքերնին չէ՞։ Ամբարշտին խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։
17Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՞ անգամ կը մարի Ու տառապանքը անոնց վրայ կու գայ։ Աստուած իր բարկութեամբ անոնց ցաւեր կը բաժնէ։
18Հովին առջեւ եղած յարդին պէս Ու մրրիկին յափշտակած շիւղին պէս կ’ըլլան։
19‘Աստուած անոր անիրաւութիւնը անոր որդիներուն կը պահէ’, կ’ըսեն։ Անոր փոխարէն անոնց թող հատուցանէ, որ անոնք գիտնան։
20Անոր աչքերը իր կորուստը թող տեսնեն Ու Ամենակարողին բարկութենէն թող խմէ։
21Անիկա ի՞նչ զուարճութիւն պիտի ունենայ իրմէ ետքը մնացած տունէն, Քանի որ իր ամիսներուն թիւը կիսուած է։
22Միթէ Աստուծոյ գիտութիւն սորվեցնել հնարաւո՞ր է, Անոր՝ որ բարձրերը կը դատէ։
23Մէկը կը մեռնի իր առուգութեանը մէջ Բոլորովին հանդարտ ու հանգիստ.
24Անոր քովերը ճարպով՝ ՝ լեցուն են Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է.
25Ուրիշ մը կը մեռնի հոգիի ցաւով Ու առանց բարիքով կշտանալու.
26Սակայն երկուքն ալ հողին մէջ կը պառկին Ու որդերը կը ծածկեն զանոնք։
27Ահա գիտեմ ձեր խորհուրդները Ու ինծի դէմ ձեր հնարած անիրաւութիւնները։
28Վասն զի կ’ըսէք. ‘Ո՞ւր է իշխանին տունը Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը’։
29Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք Ու անոնց վկայութիւնը չստացա՞ք։
30Վասն զի չարը կորստեան օրուան կը պահուի Ու բարկութեան օրուան կը տարուի։
31Անոր երեսին դէմ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր ճամբան Եւ անոր ըրածին փոխարէնը ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ։
32Բայց ան ալ գերեզմանը պիտի տարուի Ու շիրմին մէջ պիտի մնայ։
33Ձորին հողի կոշտերը անոր անոյշ պիտի գան Ու ամէն մարդ անոր ետեւէն պիտի երթայ, իսկ անոր առջեւէն գացողներուն հաշիւը չկայ։
34Ուրեմն ի՞նչպէս փուճ մխիթարութիւններ կու տաք ինծի, Որովհետեւ ձեր պատասխաններուն մէջ ստութիւն կայ»։