Job 20WARMB

1Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.

2«Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան Ու ասոր համար կ’արտորամ։

3Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի, Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։

4Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝ Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝

5Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։

6Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ Ու գլուխը ամպերուն հասնի,

7Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։

8Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։

9Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։

10Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝ ՝ Ու անոր ձեռքերը յափշտակածը ետ պիտի տան։

11Անոր ոսկորները երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։

12Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա,

13Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա,

14Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։

15Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։ Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։

16Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։

17Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները, Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։

18Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։ Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։

19Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց Ու իր չշինած տունը յափշտակեց,

20Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։

21Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ, Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։

22Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ. Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուած անոր վրայ պիտի գայ։

23Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ, Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։

24Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։

25Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ. Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։

26Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի. Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ. Անոր վրանին մէջ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ՝ ՝։

27Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ, Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։

28Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի, Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։

29Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 20.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.