1Յոբը պատասխանեց.
2«Մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք Ու զիս խօսքերով պիտի ճնշէք։
3Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը մեղադրէք։ Չէ՞ք ամչնար որ վրաս կը յարձակիք։
4Եթէ արդարեւ ես սխալեր եմ, Իմ սխալս իմ քովս կը մնայ։
5Եթէ անպատճառ ամբարտաւանութեամբ խօսիլ կ’ուզէք ինծի դէմ Ու ամօթս երեսս զարնել,
6Գիտցէք ուրեմն թէ զիս Աստուած կործանեց Ու իր ցանցը իմ շուրջս դարձուց։
7Ահա ինծի եղած անիրաւութեանը համար կ’աղաղակեմ ու պատասխան տուող չկայ, Կը բողոքեմ, բայց արդարութիւն չկայ։
8Անիկա իմ ճամբաս գոցեց, այնպէս որ չեմ կրնար անցնիլ. Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։
9Զիս իմ փառքս մերկացուց Ու գլխէս թագը վերցուց։
10Զիս ամէն կողմէ աւերեց ու ես գացի Ու իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն խլեց։
11Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ Ու զիս իր թշնամիներուն կարգը դրաւ։
12Անոր գունդերը մէկտեղ եկան Ու ճամբանին ինծի դէմ պատրաստեցին Ու վրանիս բոլորտիքը բանակեցան։
13Անիկա իմ եղբայրներս ինծմէ հեռացուց Ու արդարեւ ծանօթներս օտարացան ինծմէ։
14Ազգականներս զիս թողուցին Ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան։
15Իմ տունս բնակողներն ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին Ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ։
16Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ, Թէեւ բերնովս անոր աղաչեցի։
17Իմ շունչս ատելի եղաւ կնոջս Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։
18Փոքր տղաքն ալ զիս կ’անարգեն Ու երբ կ’ելլեմ, ինծի դէմ կը խօսին։
19Բոլոր մտերիմ բարեկամներս ինծմէ զզուեցան Ու իմ սիրականներս ինծի դէմ դարձան։
20Ոսկորներս մորթիս ու մարմնիս փական, Միայն ակռաներուս կաշիովը ազատեցայ։
21Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի, Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանզի Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։
22Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէս կը հալածէք Ու մարմինէս չէք կշտանար։
23«Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին. Երանի՜ թէ գրքի մը մէջ քանդակուէին։
24Երկաթէ գրիչով կապարի վրայ Ու քարի վրայ յաւիտենապէս փորագրուէին։
25Վասն զի գիտեմ թէ իմ Փրկիչս ողջ է Ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ երկրի վրայ։
26Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ, Բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ,
27Ես ինծի համար պիտի տեսնեմ Ու իմ աչքերս պիտի դիտեն զանիկա եւ ո՛չ թէ ուրիշը։ Երիկամունքներս իմ ներսիդիս կը հալին։
28Պէտք էր ըսէիք. ‘Ինչո՞ւ կը հալածենք զանիկա’ Եւ ‘Բանին արմատը իր մէջ գտնուեցաւ’։
29Սուրէն վախցէք. վասն զի բարկութեան պատիժը սուրն է, Որպէս զի գիտնաք թէ դատաստան մը կայ»։