1Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2«Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք. Հասկցէ՛ք ու անկէ ետքը խօսինք։
3Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք Ու աչքերնուդ առջեւ անմաքուր սեպուինք։
4(Դուն որ բարկութիւնովդ քեզ կը պատառես), Միթէ երկիրը քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞ Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։
5Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ.
6Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի։
7Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ։
8Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ։
9Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ։
10Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է Ու անոր ճամբուն վրայ՝ որոգայթ։
11Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ։
12Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է,
13Որ անոր մորթին ոյժը ուտէ։ Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը։
14Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի Ու անիկա դէպի զարհուրանքի թագաւորը պիտի քշուի։
15Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այնուհետեւ իրը պիտի չըլլայ. Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։
16Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրուին։
17Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չտրուի։
18Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի Ու անիկա աշխարհէն պիտի վռնտուի։
19Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակ պիտի ունենայ եւ ո՛չ թոռ Ու անոր բնակարաններուն մէջ մէ՛կը պիտի չմնայ։
20Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան Ու առաջինները պիտի սոսկան։
21Արդարեւ, ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան Ու Աստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է»։