Job 17WARMB

1«Շունչս կը կտրի, օրերս կը մարին, Գերեզմանը ինծի կը սպասէ ։

2Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս, Անոնց գրգռութիւնը աչքիս առջեւ է։

3Աղէ՜, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր. Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ։

4Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր, Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք։

5Ով որ իր բարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ՝ ՝, Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին։

6Զիս ժողովուրդներուն բերնի ծամոց ըրաւ, Անոնց առջեւ զզուելի եղայ։

7Նաեւ աչքերս տրտմութենէն շլացան Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան։

8Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան Ու անմեղները պիտի յուզուին կեղծաւորին դէմ։

9Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։

10Բայց դուք ամէնքդ ալ դարձէ՛ք ու եկէ՛ք, Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։

11Իմ օրերս անցան, Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանուեցան։

12Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ Ու լոյսը խաւարին մօտեցաւ՝ ՝։

13Եթէ երկար սպասեմ գերեզմանին, որ իմ տունս պիտի ըլլայ, Անկողինս մթութեան մէջ փռեմ,

14Եթէ ապականութեան աղաղակեմ՝ ըսելով. ‘Դուն իմ հայրս ես ’ Եւ որդերուն՝ ‘ Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք ’,

15Այն ատեն ո՞ւր է իմ յոյսս։ Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ։

16Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ, Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 17.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.