Job 23WARMB

1Յոբ պատասխանեց.

2«Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է, Անոր հարուածը հառաչանքէս ծանր է։

3Երանի՜ թէ կարող ըլլայի գտնել զանիկա, Մինչեւ անոր աթոռը երթայի,

4Իմ դատս անոր առջեւ տարածէի Ու բերանս փաստերով լեցնէի։

5Պիտի գիտնայի թէ ինծի ի՛նչ պատասխան պիտի տար Ու պիտի հասկնայի ինչ որ ինծի պիտի ըսէր։

6Միթէ ուժին շատութիւնովը ինծի հետ պիտի վիճէ՞ր։ Ո՛չ։ Հապա ինք զիս պիտի զօրացնէր։

7Ուղիղ մարդը հոն կրնայ վիճաբանիլ անոր հետ Ու ես իմ Դատաւորէս յաւիտեան պիտի ազատուէի։

8Բայց ահա դէպի արեւելք կ’երթամ ու անիկա չերեւնար Եւ դէպի արեւմուտք ու զանիկա չեմ նշմարեր։

9Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ, Բայց զանիկա չեմ կրնար դիտել։ Հարաւային կողմը կը պահուի Ու չեմ կրնար տեսնել զանիկա ։

10Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս։ Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ։

11Ոտքս անոր քայլերուն վրայ հաստատուեցաւ, Անոր ճամբան պահելով՝ չմոլորեցայ։

12Անոր շրթունքներուն պատուիրանքներէն չզատուեցայ։ Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի։

13Բայց անիկա մէկ մտքի վրայ է Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա դարձնել. Իր սրտին ուզածը կ’ընէ։

14Ուրեմն ինծի համար սահմանուածը պիտի կատարէ։ Ասոր պէս շատ բաներ կան անոր քով։

15Անոր համար անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ։ Երբ մտածեմ՝ անկէ կը վախնամ։

16Վասն զի Աստուած սիրտս կը կակուղցնէ Ու Ամենակարողը զիս կը շփոթեցնէ,

17Որովհետեւ ես թշուառութեան խաւարէն չմեռայ Ու մութը զիս չծածկեց»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Job 23.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.