2 Samuel 5WARMB

1Իսրայէլին բոլոր ցեղերը Քեբրոն եկան Դաւիթին ու անոր ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։

2Ասկէ առաջ ալ՝ երբ Սաւուղ մեր վրայ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր եւ Տէրը քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ դուն պիտի հովուես ու Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլաս’»։

3Իսրայէլին բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ թագաւորը Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշնակցութիւն ըրաւ։ Անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին։

4Դաւիթ երեսուն տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։

5Քեբրոնի մէջ Յուդայի վրայ եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ ու Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ երեսունըերեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։

6Թագաւորը իր մարդոցմով Երուսաղէմ գնաց, այն երկիրը բնակող Յեբուսացիներուն վրայ։ Ու Դաւիթին խօսեցան՝ ըսելով. «Եթէ կոյրերն ու կաղերը չվերցնես, հոս պիտի չմտնես», կարծելով թէ Դաւիթ չի կրնար հոն մտնել։

7Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի ։)

8Դաւիթ այն օրը ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները զարնէ ու ջրանցքը հասնելով Դաւիթին ատելի կաղերն ու կոյրերը վերցնէ, անիկա զօրագլուխ պիտի ըլլայ »։ Անոր համար կ’ըսեն՝ ‘Կոյրն ու կաղը տունը չմտնէ’։

9Դաւիթ այն բերդին մէջ նստաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը անուանեց։ Դաւիթ անոր չորս կողմը Մելօնէ դէպի ներս շէնքեր շինեց։

10Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէր Աստուածը անոր հետ էր։

11Տիւրոսի թագաւորը՝ Քիրամ՝ Դաւիթին դեսպաններ ղրկեց, նաեւ եղեւնափայտեր ու հիւսներ ու որմնադիրներ, որոնք Դաւիթին տուն շինեցին։

12Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց ու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար՝ իր թագաւորութիւնը բարձրացուց։

13Դաւիթ Քեբրոնէն գալէն ետքը՝ Երուսաղէմէն ուրիշ հարճեր ու կիներ ալ առաւ։ Դաւիթին ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ծնան։

14Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն,

15Յեբաար, Եղիսուա, Նաբեկ, Յափիէ,

16Եղիսամա, Եղիադա ու Եղիփաղէտ։

17Փղշտացիները Դաւիթին Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը լսելով, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն։ Երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ բերդը իջաւ։

18Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։

19Ու Դաւիթ Տէրոջը հարցուց. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Ելի՛ր, քանզի Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։

20Այն ատեն Դաւիթ Բաաղ-Փարասին գնաց ու զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրը իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռտեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռտեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչուեցաւ։

21Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց կուռքերը։ Դաւիթ ու իր մարդիկը զանոնք առին։

22Ու Փղշտացիները նորէն ելան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։

23Երբ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց, Տէրը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր. հապա անոնց ետեւի կողմը դառնալով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ գնա

24Ու երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի մը ձայն լսես, այն ատեն շարժիր, քանզի այն ատեն Տէրը քու առջեւէդ պիտի ելլէ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։

25Եւ Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեց ու Գաբայէն մինչեւ Գազեր Փղշտացիները զարկաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Samuel 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.