2 Samuel 4WARMB

1Սաւուղին որդին Յեբուսթէն, երբ Աբեններին Քեբրոնի մէջ մեռնիլը լսեց, ձեռքերը թուլցան ու բոլոր Իսրայէլ տագնապեցաւ։

2Սաւուղին որդին երկու գնդապետ ունէր, մէկուն անունը՝ Բաանա ու միւսին անունը Ռեքաբ էր։ Ասոնք Բենիամինին ցեղէն Բերովթացի Ռեմօնին որդիներն էին. (քանզի Բերովթ ալ Բենիամինեաններուն քաղաքը կը սեպուէր

3Ու Բերովթացիները Գեթթայիմ փախան եւ հոն մինչեւ այսօր պանդուխտի պէս բնակեցան։)

4Սաւուղին որդին Յովնաթան ոտքերը կաղ տղայ մը ունէր, որը ՝ երբ Սաւուղին ու Յովնաթանին մահուան լուրը Յեզրայէլէն եկաւ՝ հինգ տարեկան էր։ Անոր դայեակը զանիկա առաւ ու փախաւ։ Երբ փախչելու կը փութար, տղան ինկաւ կաղ եղաւ։ Անոր անունը Մեմփիբոսթէ էր։

5Բերովթացի Ռեմօնին որդիները՝ Ռեքաբ ու Բաանա՝ գացին ու ցորեկուան տաք ատենը Յեբուսթէին տունը մտան։ Անիկա կէսօրուան ատեն պառկեր կը քնանար։

6Դռնապանուհին ալ, որ ցորեն կը մաքրէր, թմրելով քնացած էր։ Ռեքաբ եւ իր եղբայրը Բաանա, բարեկամութիւն կեղծելով տունը մտան։

7Յեբուսթէ ներքին սենեակը իր անկողնին մէջ կը քնանար, զանիկա զարկին մեռցուցին եւ անոր գլուխը կտրեցին ու գլուխը առնելով՝ բոլոր գիշերը դաշտին ճամբովը գացին։

8Յեբուսթէին գլուխը Քեբրոն տարին Դաւիթին ու թագաւորին ըսին. «Ահա քու թշնամիիդ, քու կեանքդ փնտռող Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին գլուխը։ Տէրը Սաւուղէն ու անոր սերունդէն այսօր վրէժը առաւ»։

9Դաւիթ Բերովթացի Ռեմօնին որդիներուն, Ռեքաբին ու անոր եղբօրը Բաանային պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ հոգիս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է,

10Որ՝ ա՛ն որ ինծի պատմեց ու ըսաւ թէ ‘Սաւուղ մեռաւ’, կարծելով թէ աւետիս տուող մը պիտի երեւնայ ինծի, զանիկա բռնեցի ու Սիկելակի մէջ զանիկա մեռցուցի եւ անոր տուած աւետիսին վարձքը այդ եղաւ։

11Ո՜րչափ աւելի նոյն վարձքը կը վայլէ այն չար մարդոց, որոնք արդար մարդ մը իր տանը մէջ իր անկողնին վրայ մեռցուցին։ Հիմա անոր արիւնը անշուշտ ձեր ձեռքէն պիտի պահանջեմ ու ձեզ երկրիս վրայէն պիտի վերցնեմ»։

12Այն ատեն Դաւիթ իր մանչերուն հրամայեց ու զանոնք մեռցուցին եւ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրեցին ու Քեբրոնի աւազանին վրայ կախեցին։ Իսկ Յեբուսթէին գլուխը առին ու Քէբրոնի մէջ Աբեններին գերեզմանին մէջ թաղեցին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Samuel 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.