1Դաւիթ նորէն Իսրայէլէն երեսուն հազար ընտրուած մարդիկ հաւաքեց
2Ու Դաւիթ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով ելաւ եւ Յուդայի Բաաղը գնաց, որպէս զի անկէ Աստուծոյ տապանակը վեր հանէ, որուն քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը անունը տրուած է։
3Աստուծոյ տապանակը նոր սայլի մը վրայ դրին ու զանիկա Բլրացի Աբինադաբին տունէն վերցուցին։ Աբինադաբին որդիները՝ Ոզա ու Աքիով՝ այն նոր սայլը կը վարէին։
4Զանիկա Աստուծոյ տապանակին հետ Բլրացի Աբինադաբին տունէն հանեցին ու Աքիով տապանակին առջեւէն կ’երթար։
5Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը մայրիի փայտէ շինուած ամէն տեսակ նուագարաններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, դափերով ու ծնծղաներով Տէրոջը առջեւ կը խաղային։
6Երբ Նաքոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկնցուց ու զանիկա բռնեց, քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։
7Եւ Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ոզային դէմ ու զանիկա՝ հո՛ն այս յանցանքին համար՝ զարկաւ, որը նոյն տեղը Աստուծոյ տապանակին քով մեռաւ։
8Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կոչուեցաւ։
9Դաւիթ այն օրը Տէրոջմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը տապանակը ի՞նչպէս իմ քովս պիտի մտնէ»։
10Դաւիթ Տէրոջը տապանակը իր քով՝ Դաւիթին քաղաքը՝ չուզեց տանիլ, այլ զանիկա գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։
11Եւ Տէրոջը տապանակը Գեթացի Աբդեդօմին տունը երեք ամիս մնաց։ Տէրը Աբդեդօմն ու անոր բոլոր տունը օրհնեց։
12Դաւիթ թագաւորին պատմեցին ու ըսին. «Աստուծոյ տապանակին համար Տէրը Աբդեդօմին տունը ու անոր ամէն ունեցածը օրհնեց»։ Դաւիթ գնաց ու Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տունէն ուրախութեամբ Դաւիթին քաղաքը բերաւ։
13Տէրոջը տապանակը վերցնողները վեց քայլ առաջ գացին, արջառներ ու պարարտ զուարակներ զոհեց
14Եւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ բոլոր ուժովը խաղցաւ։ Դաւիթ քթանէ եփուտ հագեր էր։
15Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը տապանակը ուրախութեամբ ու փողերու ձայներով տարին։
16Երբ Տէրոջը տապանակը Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայելով՝ տեսաւ որ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջը առջեւ ցատկռտելով կը խաղայ, ուստի զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։
17Տէրոջը տապանակը բերին ու զանիկա իր տեղը դրին այն վրանին մէջ, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր։ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։
18Դաւիթ, երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, զօրքերու Տէրոջ անունով ժողովուրդը օրհնեց։
19Իսրայէլի բոլոր բազմութեանը, այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, բոլոր ժողովուրդին ամէն մէկուն մէկ նկանակ, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց ու բոլոր ժողովուրդը՝ ամէն մէկը իր տունը գնաց։
20Դաւիթ անկէ դարձաւ իր տունը օրհնելու համար։ Սաւուղին աղջիկը Մեղքող Դաւիթը դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի թագաւորը այսօր ի՜նչ փառաւոր էր, երբ իր ծառաներուն եւ աղախիններուն առջեւ ինքզինք մերկացուց՝ ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»։
21Դաւիթ Մեղքողին ըսաւ. «Ես այն Տէրոջը առջեւ խաղացի, որ զիս քու հօրմէդ ու անոր բոլոր տունէն աւելի ընտրեց ու զիս Տէրոջը ժողովուրդին Իսրայէլին վրայ իշխան դրաւ։ Այո՛, ես այն Տէրոջը առջեւ կը խաղամ։
22Զիս ասկէ աւելի անարգ երեւցնելով՝ քու աչքերուդ առջեւ նուաստ ալ երեւնամ. իսկ այն քու ըսած աղախիններուդ առջեւ պիտի փառաւորուիմ»։
23Սաւուղին աղջիկը՝ Մեղքող՝ մինչեւ իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ։