1Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւը լսեց ու խրթին հարցումներով Սողոմոնը փորձելու համար Երուսաղէմ եկաւ խիստ մեծ շքախումբով եւ խունկեր ու ոսկի եւ պատուական քարեր բեռցուցած ուղտերով։ Երբ Սողոմոնին քով գնաց, իր սրտին մէջ բոլոր եղածին վրայով անոր հետ խօսեցաւ։
2Սողոմոն անոր բոլոր հարցերը բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ Սողոմոն չհասկնար ու չբացատրէր անոր։
3Սաբայի թագուհին Սողոմոնին իմաստութիւնն ու անոր շինած տունը
4Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները, անոնց հագուստներն ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց
5Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր,
6Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ։ Ահա քու իմաստութեանդ շատութեանը կէսը ինծի պատմուած չէր։ Դուն գերազանց ես այն համբաւէն, որ ես լսեցի։
7Երանի՜ քու մարդոցդ ու երանի՜ այս քու ծառաներուդ, որոնք միշտ քու առջեւդ կայնելով քու իմաստութիւնդ կը լսեն։
8Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ իր աթոռին վրայ դրաւ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ հաճելի թագաւոր ըլլաս։ Քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն ու զանիկա յաւիտեան հաստատելու համար, քեզ անոնց վրայ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։
9Եւ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր եւ պատուական քարեր տուաւ։ Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած խունկերուն նմանը չկար։
10Եւ Քիրամին ծառաներն ու Սողոմոնին ծառաները, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։
11Եւ թագաւորը ալմուկ փայտէն՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը աստիճաններ ու երգողներուն համար քնարներ ու տաւիղներ շինեց եւ անոնց նմանը անկէ առաջ Յուդայի երկրին մէջ չէր երեւցած։
12Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, այն բաներէն զատ՝ որոնք անիկա թագաւորին բերաւ եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։
13Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկին վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ կը կշռէր,
14Առուտուր ընողներուն ու վաճառականներուն եւ Արաբացիներուն բոլոր թագաւորներուն ու երկրին նախարարներուն՝ Սողոմոնին բերած ոսկիէն ու արծաթէն զատ։
15Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց ու ամէն մէկ վահանի համար վեց հարիւր սիկղ կռածոյ ոսկի գնաց։
16Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց ։ Ամէն մէկ ասպարին երեք հարիւր սիկղ ոսկի գնաց ու թագաւորը Լիբանանի անտառին տունը դրաւ զանոնք։
17Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։
18Աթոռը վեց աստիճան ու ոսկիէ պատուանդան մը ունէր, որոնք աթոռին կից էին եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։
19Վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։
20Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին եւ Լիբանանի անտառին տանը բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին, արծաթէ չկար. վասն զի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի տեղ չէր սեպուեր։
21Քանզի թագաւորին նաւերը Քիրամին ծառաներուն հետ Թարսիս կ’երթային. Թարսիսի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով, կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։
22Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ՝ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։
23Երկրի բոլոր թագաւորները կը փափաքէին Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։
24Անոնց ամէնքը տարուէ տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։
25Սողոմոն ձիերու ու կառքերու համար չորս հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր ու զանոնք կառքերու քաղաքներուն ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։
26Եփրատ գետէն մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր։
27Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։
28Անոր համար Եգիպտոսէն ու ամէն երկրէ ձիեր կ’արտածուէին։
29Սողոմոնին առաջին ու վերջին պատմութեանը մնացորդը՝ Նաթան մարգարէին գրքին ու Սիլօնացի Աքիայի մարգարէութեանը եւ Ադդով տեսանողին՝ Նաբատեան Յերոբովամին վրայով գրած տեսիլքներուն մէջ գրուած են։
30Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
31Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ռոբովամը թագաւոր եղաւ։