1Սողոմոն Տէրոջը տունն ու իր տունը քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը,
2Այն քաղաքներն ալ շինեց, որոնք Քիրամ Սողոմոնին տուեր էր ու հոն Իսրայէլի որդիներ բնակեցուց։
3Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց ու անոր տիրեց։
4Անապատին մէջ Թադմօրը շինեց ու այս բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ որոնք Եմաթի երկրին մէջ շինեց
5Ու վերի Բեթորոնն ու վարի Բեթորոնը պարիսպներով, դռներով ու նիգերով ամրացած քաղաքներ շինեց.
6Նաեւ Բաաղեթը ու Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքներն ու կառքերուն բոլոր քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի, Լիբանանի ու իր տէրութեանը բոլոր երկրին մէջ։
7Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Քետացիներէն, Ամօրհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,
8Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները զանոնք բոլորովին կորսնցուցած չէին, Սողոմոն հարկատու ըրաւ մինչեւ այսօր։
9Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիներէն ծառաներ չառաւ, հապա անոնք պատերազմիկներ ու իր զօրքերուն իշխաններ եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներ էին։
10Սողոմոն թագաւորին գլխաւոր իշխանները երկու հարիւր յիսուն հոգի էին, որոնք ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։
11Սողոմոն Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթին քաղաքէն անոր համար շինած տունը տարաւ ու ըսաւ. «Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին տունը պէտք չէ նստի, վասն զի Տէրոջը տապանակին մտած տեղերը սուրբ են»։
12Այն ատեն Սողոմոն սրահին առջեւ շինած Տէրոջը սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց Տէրոջը։
13Մովսէսին պատուիրածին համեմատ ամէն օրուան որոշուածը՝ շաբաթներու, ամսագլուխներու ու հանդիսաւոր տօներուն մէջ, տարին երեք անգամ, այսինքն Բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարահարաց տօնին կը մատուցանէր։
14Իր հօրը Դաւիթին կանոնովը քահանաներուն դասերը իրենց պաշտօններուն վրայ ու Ղեւտացիները իրենց պահպանութիւններուն վրայ, ամէն օրուան որոշուածին պէս, քահանաներուն առջեւ օրհնելու ու սպասաւորութիւն ընելու համար եւ դռնապաններն ալ իրենց դասերուն կարգովը մէկ մէկ դուռի քով դրաւ. քանզի այսպէս էր Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթին՝ հրամանը։
15Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, գանձարաններուն համար եւ ամէն բանի մէջ թագաւորին հրամանէն դուրս չեկան։
16Սողոմոնին բոլոր գործերը՝ Տէրոջը տանը հիմը դրուած օրէն մինչեւ անոր լմննալը՝ պատրաստուած էին։ Այսպէս լրացաւ Տէրոջը տունը։
17Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոնգաբեր ու Ելաթ գնաց։
18Քիրամ իր ծառաներուն ձեռքով նաւեր ու ծովու ճամբորդութեան հմուտ ծառաներ ղրկեց անոր, որոնք Սողոմոնին ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։