2 Chronicles 7WARMB

1Երբ Սողոմոն իր աղօթքը լմնցուց, երկնքէն կրակ իջաւ ու ողջակէզները ու զոհերը լափեց ու Տէրոջը փառքը տունը լեցուց։

2Քահանաները չէին կրնար Տէրոջը տունը մտնել, քանզի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։

3Բոլոր Իսրայէլին որդիները կրակին իջնելը եւ տանը վրայ Տէրոջը փառքին հանգչիլը տեսան ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

4Եւ թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը առջեւ զոհեր կը մատուցանէին։

5Եւ Սողոմոն թագաւորը քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհեց։ Այսպէս թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։

6Քահանաները իրենց պահպանութեանը համեմատ կը կենային ու Ղեւտացիները՝ Տէրոջը նուագարաններովը, որոնք Դաւիթ թագաւորը շիներ էր Տէրը գովելու համար, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երբ Դաւիթ անոնց ձեռքով Տէրը օրհնեց ու քահանաները փողերը հնչեցուցին, բոլոր Իսրայէլ ոտքի վրայ կեցաւ։

7Սողոմոն Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց եւ որովհետեւ Սողոմոնին շինած պղնձէ սեղանը, ողջակէզներն ու հացի ընծաները ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել։

8Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, խիստ մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը եօթը օր տօն ըրին։

9Եւ ութերորդ օրը մեծ ժողով ըրին. քանզի եօթը օր սեղանին նաւակատիքը ու եօթը օր տօնը կատարեցին։

10Ու եօթներորդ ամսուան քսանըերեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որոնք Տէրը Դաւիթին, Սողոմոնին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին տուեր էր։

11Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը լմնցուց եւ Սողոմոնին սիրտը ինչ որ ծրագրած էր Աստուծոյ տանը եւ թագաւորական տանը համար, ամէնքն ալ յաջողութեամբ կատարուեցան։

12Ու Տէրը գիշերով Սողոմոնին երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի ու այս տեղը ընտրեցի, որպէս զի ինծի զոհի տուն ըլլայ։

13Եթէ երկինքը գոցեմ, որպէս զի չանձրեւէ եւ եթէ մարախին պատուիրեմ, որպէս զի երկիրը ուտէ կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ

14Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկնքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ։

15Հիմա այստեղ մատուցանուելու աղօթքին իմ աչքերս բաց պիտի ըլլան ու ականջներս պիտի լսեն։

16Քանզի այս տունը ընտրեցի ու սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ։ Իմ աչքերս ու սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլան։

17Եթէ դուն իմ առջեւս այնպէս քալես, ինչպէս Դաւիթ քալեց ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես եւ իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես,

18Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին հետ ուխտ ըրի՝ ըսելով. ‘Քեզմէ Իսրայէլի վրայ իշխող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։

19Բայց եթէ դառնաք ու ձեր առջեւ դրուած կանոններս ու պատուիրանքներս թողուք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք,

20Այն ատեն ձեզ արմատէն պիտի խլեմ այն երկրին վրայէն, որ ձեզի տուի եւ այս տունը որ իմ անուանս համար սրբեցի, երեսէս պիտի ձգեմ ու զանիկա բոլոր ազգերու մէջ ծաղրանքի առարկայ պիտի ընեմ։

21Եւ այս բարձր տանը համար անոր քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու պիտի ըսէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։

22Եւ պիտի պատասխանեն. ‘Վասն զի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցին, որ զիրենք Եգիպտոսէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 7.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.