2 Chronicles 6WARMB

1Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ՝ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։

2Բայց ես քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար տեղ շինեցի»։

3Թագաւորը իր երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց։ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կեցեր էին

4Եւ անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խոստացաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ՝

5‘Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս ի վեր՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու մարդ մը չընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըլլայ.

6Ապա Երուսաղէմը ընտրեցի, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։

7Եւ իմ հայրս Դաւիթ միտք ունէր, որ Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ,

8Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ դուն միտքդ դրիր որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր, որ այս բանը միտքդ դրիր.

9Սակայն տունը դուն պիտի չշինես. հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ։ Անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։

10Եւ ահա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Տէր Աստուծոյն անուանը՝ այս տունը շինեցի։

11Հոն դրի տապանակը, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ Իսրայէլի որդիներուն հետ ըրաւ»։

12Տէրոջը սեղանին առջեւ՝ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին դէմը կենալով, ձեռքերը տարածեց.

13(Քանզի Սողոմոն պղնձէ խարիսխ մը շինելով՝ զանիկա գաւիթին մէջտեղը դրեր էր։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Ինք անոր վրայ կեցաւ ու Իսրայէլին բոլոր ժողովուրդին առջեւ ծունկ կրկնեց եւ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց)։

14Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն պահես։

15Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին, ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնով ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։

16Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումը որ քու ծառայիդ իմ հօրս Դաւիթին ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլի աթոռին վրայ նստող քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ, այն պայմանով որ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ օրէնքիս մէջ քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։

17Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ Դաւիթին ըսած խօսքդ հաստատուի»։

18«Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ մարդոց հետ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինքն ու ամենաբարձր երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։

19Սակայն, ո՛վ Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛,

20Որպէս զի այս տանը վրայ ցորեկ ու գիշեր քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որուն համար ըսիր թէ՝ քու անունդ հոն պիտի դնես։ Ուստի քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսէ։

21Նոյնպէս քու ծառայիդ եւ ժողովուրդիդ Իսրայէլին այս տեղ ըրած աղօթքը լսէ՛ այո՛, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։

22«Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար անոր երդում առաջարկէ ու երդումը այս տունը քու սեղանիդ առջեւ գայ,

23Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ՛ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։

24«Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը քեզի դէմ մեղանչելուն համար, իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու առջեւդ աղօթք ու աղաչանք ընեն,

25Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ մեղքը ներէ՛ ու անոնց եւ անոնց հայրերուն տուած երկիրը դարձուր զանոնք։

26«Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այս տեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան,

27Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին մեղքը ներէ՛, որպէս զի անոնց սորվեցնես այն աղէկ ճամբան՝ որուն մէջ պէտք է քալեն ու քու ժողովուրդիդ՝ իբր ժառանգութիւն տրուած երկրին վրայ անձրեւ տո՛ւր։

28«Եթէ երկրի վրայ սով կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն կամ արմտեաց դալուկ կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն կամ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ

29Եւ եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ ու իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ,

30Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս,

31Որպէս զի քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներուդ մէջ քալեն իրենց բոլոր օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տրուած երկրին վրայ ապրին։

32«Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար եւ զօրաւոր ձեռքիդ համար ու բարձր բազուկիդ համար եկող օտարականն ալ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ,

33Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրանքը կատարէ՛, որպէս զի երկրին բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։

34«Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այդ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ քեզի աղօթք ընեն,

35Երկնքէն անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։

36«Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու գերեվարները հեռու կամ մօտ երկիր մը գերի տանին զանոնք,

37Եթէ իրենց գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերութեան երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’,

38Եթէ անոնք այն երկրին մէջ, ուր գերի տարուած են, իրենց բոլոր սրտովն ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով աղօթք ընեն,

39Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքն ու խնդրանքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ներէ։

40Հիմա, ո՛վ Աստուած իմ, այս տեղ մատուցուած աղօթքին վրայ թող քու աչքերդ բաց ըլլան ու քու ականջներդ մտիկ ընեն։

41Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը. ո՛վ Տէր Աստուած, թող քու քահանաներդ փրկութիւն հագնին եւ քու սուրբերդ բարութիւնով ուրախանան։

42Ո՛վ Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեսը մի՛ անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթին ըրած ողորմութիւններդ յիշէ՛»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.