1Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց. վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։
2Նաբատեան Յերոբովամը, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, այս բանը լսելով Եգիպտոսէն դարձաւ
3Եւ մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին ու Յերոբովամ եւ բոլոր Իսրայէլ եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին.
4«Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ ու հիմա քու հօրդ դաժան ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր, որ քեզի ծառայութիւն ընենք»։
5Անիկա ըսաւ անոնց. «Երեք օր ետքը ինծի եկէք»։ Ժողովուրդը գնաց։
6Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կենային, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։
7Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ այս ժողովուրդին հետ քաղցրութեամբ վարուիս ու անոնց հաճելի ըլլաս ու անոնց բարի խօսքեր խօսիս, այն ատեն անոնք միշտ քեզի ծառայ պիտի ըլլան»։
8Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց
9Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ. քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։
10Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց ու դուն մեր վրայէն թեթեւցուր՝ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսիր ու անոնց այսպէս ըսէ. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։
11Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ ’»։
12Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ՝ «Երրորդ օրը ինծի եկէք»։
13Թագաւորը անոնց խստութեամբ պատասխան տուաւ։ Ռոբովամ թագաւորը ծերերուն խորհուրդը մերժելով,
14Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ »։
15Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ. վասն զի այս բանը Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը կատարէ։
16Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ որ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, թող ամէն մարդ իր վրանը դառնայ ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Բոլոր Իսրայէլ իրենց վրանները գացին։
17Բայց Յուդային քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլին որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։
18Ռոբովամ թագաւորը, երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, Իսրայէլին որդիները զանիկա քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։
19Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տան դէմ ապստամբ մնաց մինչեւ այսօր։