1Ռոբովամ Երուսաղէմ եկաւ ու Յուդայի եւ Բենիամինի տունէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որպէս զի Իսրայէլի հետ պատերազմ ընեն ու թագաւորութիւնը Ռոբովամին դարձնեն։
2Բայց Տէրոջը խօսքը Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ եղաւ, ըսելով.
3«Սողոմոնին որդիին, Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիներուն խօսէ եւ ըսէ՝
4Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ ելլէք ու ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ, վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Յերոբովամին վրայ երթալէն ետ կեցան։
5Ռոբովամ Երուսաղէմ բնակեցաւ ու Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց։
6Բեթլէհէմը, Ետամը, Թեկուէն,
7Բեթսուրը, Սոքովը, Ոդողոմը,
8Գէթը, Մարեսան, Զիփը,
9Ադորայիմը, Լաքիսը, Ազեկան,
10Սարաան, Այեղոնը ու Քեբրոնը շինեց, որոնք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ պարսպապատ քաղաքներ էին։
11Պարիսպները ամրացուց ու անոնց մէջ զօրապետներ եւ կերակուրի ու իւղի եւ գինիի շտեմարաններ
12Ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ վահաններ ու նիզակներ դրաւ եւ զանոնք խիստ շատ ամրացուց։ Յուդա եւ Բենիամին անոր հպատակ էին։
13Բոլոր Իսրայէլի մէջ եղող քահանաներն ու Ղեւտացիները իրենց բոլոր սահմաններէն անոր քով հաւաքուեցան.
14(Քանզի Ղեւտացիները իրենց արուարձաններն ու կալուածները թողուցին եւ Յուդայի երկիրը ու Երուսաղէմ գացին. վասն զի Յերոբովամ ու անոր որդիները զանոնք Տէրոջը քահանայութենէն հանեցին։
15Անիկա բարձր տեղերու համար ու դեւերու համար ու իր շինած հորթերուն համար իրեն քուրմեր որոշեց)։
16Եւ անոնց ետեւէն՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն Իսրայէլի Տէր Աստուածը սրտանց փնտռողները՝ ՝ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյ զոհ ընելու համար Երուսաղէմ կ’երթային։
17Յուդայի թագաւորութիւնը զօրացուցին եւ Սողոմոնին որդին Ռոբովամը երեք տարուան մէջ ուժովցուցին. քանզի երեք տարի Դաւիթին ու Սողոմոնին ճամբովը քալեցին։
18Ռոբովամ Դաւիթին որդիին Յերիմովթին աղջիկը՝ Մայէլէթը՝ իրեն կնութեան առաւ. նաեւ Յեսսէին որդիին Եղիաբին աղջիկը՝ Աբիքէլը։
19Անիկա որդիներ ծնաւ անոր՝ Յեուսը, Սամարիան ու Զաամը։
20Անկէ ետքը Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան առաւ, որ անոր ծնաւ՝ Աբիան, Եթթին, Զիզան ու Սաղօմիթը։
21Ռոբովամ Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան իր բոլոր կիներէն ու հարճերէն աւելի կը սիրէր. (վասն զի անիկա տասնըութը կին ու վաթսուն հարճ առեր էր եւ քսանըութը տղայ ու վաթսուն աղջիկ ծնաւ)։
22Ռոբովամ՝ Մաաքային որդին Աբիան գլուխ դրաւ, այսինքն իր եղբայրներուն վրայ իշխան կարգեց, քանզի զանիկա թագաւոր ընելու միտք ունէր ։
23Խելացութեամբ՝ իր բոլոր տղաքները Յուդայի ու Բենիամինի գաւառներուն պարսպապատ քաղաքներուն մէջ տեղաւորեց եւ անոնց առատ ապրուստ տուաւ ու շատ կիներ փնտռեց։