1Երբ Ռոբովամին թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ ու ինք զօրացաւ, Տէրոջը օրէնքը թողուց ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլն ալ։
2Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ (քանզի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ըրեր էին)։
3Անիկա հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով եկաւ ու անոր հետ Եգիպտոսէն եկած ժողովուրդը անթիւ էր՝ այսինքն Լիբէացիները, Սովկիացիներն ու Եթովպիացիները։
4Յուդայի պարսպապատ քաղաքները առաւ ու մինչեւ Երուսաղէմ եկաւ։
5Սեմայիա մարգարէն եկաւ Ռոբովամին ու Յուդային իշխաններուն, որոնք Սիսակին երեսէն Երուսաղէմ հաւաքուեր էին ու անոնց ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք զիս թողուցիք, ես ալ ձեզ Սիսակին ձեռքը կը թողում’»։
6Իսրայէլի իշխանները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. «Տէրը արդար է»։
7Երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, Տէրոջը խօսքը Սեմայիային եղաւ՝ ըսելով. «Անոնք խոնարհեցան. ուստի պիտի չկորսնցնեմ զանոնք, հապա անոնց քիչ մը ազատութիւն պիտի տամ ու իմ բարկութիւնս Սիսակին ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի։
8Սակայն անոր ծառաներ պիտի ըլլան, որպէս զի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեանը տարբերութիւնը գիտնան»։
9Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ եւ Տէրոջը տանը գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ, ամէնքն ալ առաւ, Սողոմոնին շինած ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։
10Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։
11Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։
12Ուստի, քանի որ խոնարհեցաւ, Տէրոջը բարկութիւնը անկէ դարձաւ ու զանիկա բոլորովին չկորսնցուց, վասն զի Յուդայի մէջ աղէկ բաներ կային։
13Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ զօրացաւ ու թագաւորութիւն ըրաւ ու երբ Ռոբովամ թագաւորեց՝ քառասունըմէկ տարեկան էր։ Տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով։
14Անիկա չարութիւն ըրաւ ու իր սիրտը չուղղեց, որ Տէրը փնտռէ։
15Ռոբովամի առաջին ու վերջին գործերը ահա Սեմայիա մարգարէին գրքին ու Ադդով տեսանողին ազգաբանութեանը մէջ գրուած են։ Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։
16Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Աբիան թագաւոր եղաւ։