2 Chronicles 13WARMB

1Յերոբովամ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Յուդայի վրայ Աբիան թագաւորեց։

2Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մայրը՝ Միքայիա՝ Գաբաացի Ուրիէլին աղջիկն էր. Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։

3Աբիան զօրաւոր ու պատերազմող զօրքերով՝ չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով պատերազմելու պատրաստուեցաւ։ Յերոբովամ ալ անոր դէմ ելաւ ութ հարիւր հազար ընտիր, զօրաւոր ու պատերազմող մարդոցմով։

4Եւ Աբիա Եփրեմին լեռնակողմը Սեմարիմ լերան վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամ ու բոլոր Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէք.

5Դուք գիտնալու չէ՞ք թէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով։

6Բայց Դաւիթին որդիին Սողոմոնին ծառան՝ Նաբատեան Յերոբովամը ոտքի ելաւ ու իր տիրոջմէն ապստամբեցաւ։

7Անոր քով դատարկապորտ ու անօրէն մարդիկ հաւաքուեցան ու Սողոմոնին որդիին Ռոբովամին դէմ կեցան. քանզի Ռոբովամ մանկահասակ ու փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց դէմ չդրաւ։

8Հիմա դուք շատուոր ըլլալնուդ համար ու Յերոբովամին ձեզի շինած աստուածներուն, այն ոսկիէ հորթերուն, ձեր քով ըլլալուն համար, Դաւիթին որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջը թագաւորութեանը դէմ կենալ կը մտածէք։

9Միթէ դուք Տէրոջը քահանաները՝ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները դուրս չըրի՞ք եւ որիշ երկիրներու ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր չըրի՞ք այն բոլոր մարդիկը, որոնք մէկ զուարակով ու եօթը խոյերով կու գային զիրենք նուիրելու, որպէս զի չաստուածներու քուրմ ըլլան։

10Բայց մեր Աստուածը Եհովան է։ Մենք զանիկա չթողուցինք եւ Տէրոջը ծառայութիւն ընող քահանաները Ահարոնին որդիներն են ու Ղեւտացիները իրենց պաշտօնին վրայ են։

11Ամէն առտու ու ամէն իրիկուն Տէրոջը ողջակէզներ կը մատուցանեն ու անուշահոտ խունկ կը ծխեն ու մաքուր սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացերը կը շարեն եւ ամէն իրիկուն վառելու համար ոսկիէ աշտանակն ու անոր ճրագները կը պատրաստեն. քանզի մենք մեր Տէր Աստուծոյն պահպանութիւնը կը պահենք, բայց դուք զանիկա մերժեցիք։

12Ահա Աստուած ինք մեզի հետ է՝ մեր իշխանը ըլլալու. նաեւ անոր քահանաները ազդարարութեան փողերով, որպէս զի ձեզի դէմ հնչեցնեն. ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն հետ մի՛ պատերազմիք. քանզի դուք յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։

13Բայց Յերոբովամ դարանակալներ ղրկեց, որպէս զի անոնց ետեւէն գան. այնպէս որ Իսրայելացիները Յուդայեաններուն առջեւն էին ու դարանակալները անոնց ետեւն էին։

14Յուդայեանները նայեցան, որ պատերազմը իրենց առջեւէն ու ետեւէն էր ու Տէրոջը աղաղակեցին եւ քահանաները փողերը հնչեցուցին։

15Յուդայի մարդիկը աղաղակ բարձրացուցին ու երբ Յուդայի մարդիկը աղաղակեցին, Աստուած Յերոբովամն ու բոլոր Իսրայէլը Աբիային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։

16Իսրայէլի որդիները Յուդայի առջեւէն փախան։ Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք։

17Աբիան ու իր զօրքը մեծ կոտորած ըրին անոնց մէջ։ Իսրայէլէն հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ սպաննուած ինկան։

18Այն ատեն Իսրայելացիները նուաճուեցան ու Յուդայի որդիները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ապաւինելնուն համար ոյժ գտան։

19Աբիան Յերոբովամը հալածեց ու անկէ քաղաքներ առաւ՝ Բեթէլն ու անոր գիւղերը եւ Յեսանան ու անոր գիւղերը եւ Եփրոնն ու անոր գիւղերը։

20Յերոբովամ Աբիային օրերուն մէջ անգամ մըն ալ չկրցաւ ոյժ գտնել։ Տէրը զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։

21Աբիան ուժովցաւ ու իրեն տասնըչորս կին առաւ։ Քսանըերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ։

22Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր գործերն ու խօսքերը Ադդով մարգարէին յիշատակարանին մէջ գրուած են։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 13.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.