2 Chronicles 26WARMB

1Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ոզիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը՝ Ամասիային տեղը թագաւոր ըրին։

2Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զայն Յուդային վերադարձուց։

3Ոզիան տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, որ Երուսաղեմացի էր։

4Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային ըրածին պէս։

5Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիային օրերը Աստուած կը փնտռէր։ Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար։

6Ան գնաց Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ Գէթին պարիսպը, Յաբնէին պարիսպը ու Ազովտոսի պարիսպը փլցուց եւ Ազովտոսի գաւառին մէջ ու Փղշտացիներու միւս երկիրներուն մէջ քաղաքներ շինեց։

7Աստուած անոր օգնութիւն ըրաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Գուր-Բահաղ բնակող Արաբացիներուն դէմ ու Մաոնացիներուն դէմ։

8Եւ Ամմոնացիները Ոզիային ընծաներ տուին ու անոր անունը մինչեւ Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանզի անիկա խիստ ուժովցաւ։

9Ոզիան Երուսաղէմի մէջ՝ Անկեան դրանը վրայ ու Ձորի դրանը վրայ եւ պարսպին դարձուածքին վրայ աշտանակներ շինեց ու զանոնք ամրացուց։

10Եւ անապատին մէջ ալ աշտարակներ շինեց ու շատ ջրհորներ փորեց. քանզի անիկա դաշտի մէջ ու հովիտի մէջ շատ անասուններ ու լեռնակողմը նաեւ Կարմեղոս լեռը երկրագործներ ու այգեգործներ ունէր. քանզի երկրագործութիւնը կը սիրէր։

11Ոզիան, Յէիէլ դպրապետին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով համրուած թիւին համեմատ, թագաւորին իշխաններէն Անանիային ձեռքին տակ՝ գունդով պատերազմի ելլող զօրքեր ունէր։

12Բոլոր զօրաւոր կտրիճներուն տոհմապետներուն թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։

13Անոնց ձեռքին տակ երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր պատերազմող մարդ կար, որոնք մեծ ուժով կը պատերազմէին ու թշնամիին դէմ թագաւորին օգնութիւն կ’ընէին։

14Ոզիա բոլոր զօրքին համար վահաններ, նիզակներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ ու քարերու համար պարսատիկներ պատրաստեց։

15Անիկա Երուսաղէմի մէջ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնովը մեքենաներ շինեց, որպէս զի նետեր ու մեծ քարեր նետելու համար՝ աշտարակներուն վրայ եւ անկիւններուն վրայ կենան։ Անոր անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալիօրէն օգնութիւններ գտաւ, մինչեւ որ ուժովցաւ։

16Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ անցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ։

17Անոր ետեւէն Ազարիա քահանան մտաւ ու անոր հետ Տէրոջը ութսուն քահանաները՝ որոնք զօրաւոր մարդիկ էին։

18Անոնք Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան ու անոր ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չիյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն՝ որոնք խունկ ծխելու համար սրբուած են. սրբարանէն դո՛ւրս ելիր, քանզի յանցանք գործեցիր ու այս բանին համար Տէր Աստուծմէ պիտի չպատուըուիս»։

19Ոզիա բարկացաւ ու անոր ձեռքը խունկ ծխելու համար բուրվառ կար։ Երբ քահանաներուն բարկացաւ, քահանաներուն առջեւ, Տէրոջը տանը մէջ խունկի սեղանին քով, անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն երեւցաւ։

20Ազարիա քահանայապետն ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան եւ ահա անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար ու զանիկա շուտով անկէ հանեցին ու անիկա ալ ելլելու արտորաց, քանզի Տէրը զանիկա զարկեր էր։

21Ոզիա թագաւորը մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր ու զատ տան մը մէջ բորոտած կը նստէր, վասն զի Տէրոջը տունէն արտաքսուեցաւ։ Անոր որդին Յովաթամ, թագաւորին տանը վրայ ըլլալով, երկրին ժողովուրդը կը դատէր։

22Ոզիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն գրեց։

23Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ թագաւորներու գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին. վասն զի ըսին. «Անիկա բորոտ է»։ Եւ անոր որդին Յովաթամը անոր տեղ թագաւորեց։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 26.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.