2 Chronicles 25WARMB

1Ամասիա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղեմացի էր։

2Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով։

3Երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին.

4Բայց անոնց որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրինաց գրքին մէջ գրուած է։ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի»։

5Ամասիա Յուդան հաւաքեց ու անոնց տոհմերուն վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ՝ բոլոր Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եւ քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեց ու պատերազմի ելլող եւ նիզակ ու վահան կրող երեք հարիւր հազար ընտիր զօրք գտաւ։

6Անիկա հարիւր տաղանդ արծաթով Իսրայէլէն հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ վարձեց։

7Աստուծմէ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ մի՛ տանիր, քանզի Տէրը Իսրայէլի հետ՝ այսինքն բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ չէ.

8Բայց եթէ դուն երթալ կ’ուզես, գնա՛ ու պատերազմի համար ուժովցի՛ր, բայց Աստուած թշնամիին առջեւ պիտի կործանէ քեզ, քանզի օգնելու ու կործանելու զօրութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է»։

9Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Հապա ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այն հարիւր տաղանդը, որ ես Իսրայէլի զօրքին տուի»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»։

10Ամասիա Եփրեմէն իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէս զի իրենց տեղը երթան ու անոնք Յուդայէն խիստ սրդողեցան ու սաստիկ բարկութեամբ իրենց տեղերը դարձան։

11Ամասիա ուժովցաւ ու իր զօրքը հանեց ու Աղի ձորը գնաց եւ Սէիրի որդիներէն տասը հազար հոգի զարկաւ։

12Յուդայի որդիներէն տասը հազար ալ ողջ գերի առին եւ քարաժայռին գլուխը տարին ու զանոնք քարաժայռին գլխէն վար ձգեցին ու ամէնքն ալ կտոր կտոր եղան։

13Այն զօրքերը, որոնք Ամասիա ետ ղրկեց, որպէս զի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէն մինչեւ Բեթորոն ու անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին եւ շատ աւար առին։

14Երբ Ամասիա Եդովմայեցիները ջարդելէն դարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ ու զանոնք կանգնեցուց, որպէս զի իրեն աստուածներ ըլլան։ Անոնց առջեւ երկրպագութիւն կ’ընէր ու անոնց խունկ կը ծխէր։

15Տէրոջը բարկութիւնը Ամասիային վրայ բորբոքեցաւ եւ անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ դիմեցիր այն ժողովուրդին աստուածներուն, որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել»։

16Երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր. «Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն դրին. լո՛ւռ կեցիր, չըլլայ որ՝ ՝ մեռցուիս»։ Մարգարէն կեցաւ ու ըսաւ. « Աղէկ գիտեմ թէ Աստուած որոշեր է քեզ կորսնցնել, որովհետեւ իմ խրատիս մտիկ չընելով՝ այդ բանը ըրիր»։

17Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։

18Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։

19Դուն՝ ‘ահա Եդովմը զարկի’, ըսիր ու քու սիրտդ քեզ բարձրացնելով հպարտացուց. հիմա քու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդան ալ»։

20Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. քանզի ասիկա Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, Եդովմայեցիներուն աստուածները փնտռելուն համար։

21Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ ու ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։

22Եւ Յուդա Իսրայէլէն յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։

23Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Յովաքազի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը՝ Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։

24Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Աստուծոյ տանը մէջ գտնուած՝ Աբդեդօմին քովի բոլոր ամաններն ու թագաւորին տանը գանձերը եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։

25Յուդայի թագաւորը՝ Յովասին որդին Ամասիան՝ Իսրայէլի թագաւորին Յովաքազին որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։

26Ամասիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։

27Ամասիա, երբ Տէրոջը հետեւելէն խոտորեցաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին ու անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։

28Ձիերով բերին ու իր հայրերուն հետ Յուդայի քաղաքին մէջ թաղեցին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 25.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.