2 Chronicles 24WARMB

1Յովաս եօթը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն ։

2Յովաս՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։

3Յովիադան անոր երկու կին առնել տուաւ ու տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։

4Ասկէ ետքը Յովաս ուզեց որ Տէրոջը տունը նորոգէ։

5Քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան եւ անոնց ըսաւ. «Յուդայի քաղաքները ելէ՛ք ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար բոլոր Իսրայէլէն տարուէ տարի ստակ հաւաքեցէ՛ք։ Այս գործը շուտով ըրէ՛ք»։ Բայց Ղեւտացիները շուտով չըրին։

6Ուստի թագաւորը Յովիադա իշխանը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրոջը ծառային, Մովսէսին ու Իսրայէլի ժողովուրդին վկայութեան խորանին համար պատուիրուած տուրքը ինչո՞ւ համար Ղեւտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէն ու Երուսաղէմէն բերեն։

7(Քանզի անօրէն Գոթողիան ու անոր որդիները Աստուծոյ տունը աւերեր էին ու Տէրոջը տանը բոլոր սուրբ բաները Բահաղիմին նուիրեր էին)։

8Թագաւորը հրամայեց ու սնտուկ մը շինեցին ու զանիկա Տէրոջը տանը դրանը դուրսի կողմը դրին

9Եւ Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ Աստուծոյ ծառային, Մովսէսին, անապատին մէջ Իսրայէլի պատուիրած տուրքը Տէրոջը բերեն։

10Բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը ուրախացան ու իրենց տուրքը բերին սնտուկին մէջ ձգեցին, մինչեւ որ անիկա լեցուեցաւ։

11Երբ սնտուկը Ղեւտացիներուն ձեռքով թագաւորին վերակացուներուն կը տարուէր, անոնք տեսան թէ ստակը շատ շատ է. թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանային վերակացուն եկան եւ սնտուկը պարպեցին ու վերցնելով իր տեղը դարձուցին։ Ամէն օր այսպէս կ’ընէին։ Շատ ստակ հաւաքուեցաւ։

12Թագաւորն ու Յովիադան զանիկա Տէրոջը տանը ծառայութեան գործը ընողներուն կու տային ու անոնք Տէրոջը տունը նորոգելու համար՝ վարձքով քարահատներ ու հիւսներ կը բռնէին ու Տէրոջը տունը ամրացնելու համար՝ երկաթագործներուն ու պղնձագործներուն ալ կու տային ։

13Բանուորները կ’աշխատէին ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կը կատարուէր։ Այսպէս Աստուծոյ տունը իր ձեւին բերելով՝ զանիկա ամրացուցին։

14Երբ նորոգութիւնը լմնցուցին, մնացած ստակը թագաւորին ու Յովիադային առջեւ բերին ու անով Տէրոջը տանը համար անօթներ, պաշտամունքին ու ողջակէզներուն համար ամաններ ու խնկամաններ եւ ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ շինեցին։ Յովիադային բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ ողջակէզներ կը մատուցանուէին։

15Յովիադան ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով մեռաւ։ Մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր։

16Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղեցին. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր։

17Յովիադային մեռնելէն ետքը՝ Յուդայի իշխանները եկան ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին։ Այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։

18Անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին եւ Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար։

19Վասն զի անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն։ Ասոնք անոնց վկայութիւն ըրին, բայց անոնք մտիկ չըրին։

20Յովիադա քահանային որդիին Զաքարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անիկա ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կեցաւ ու անոնց ըսաւ. «Աստուած այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ինչո՞ւ համար Տէրոջը պատուիրանքներէն կը խոտորիք։ Դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, ան ալ ձեզ պիտի մերժէ’»։

21Ժողովուրդը անոր դէմ միաբանեցան ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարկոծեցին։

22Յովաս թագաւորը անոր հօրը Յովիադային իրեն ըրած բարերարութիւնը չյիշելով՝ անոր որդին մեռցուց, բայց անիկա մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը տեսնէ ու դատէ»։

23Հետեւեալ տարին Ասորիներուն զօրքը անոր դէմ ելլելով Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուցին ու անոնց բոլոր աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին։

24Ասորիներուն զօրքը քիչ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը խիստ շատուոր եղող զօրքը անոնց ձեռքը մատնեց. քանզի անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Այսպէս Ասորիները Աստուծոյ դատաստանը գործադրեցին Յովասին վրայ։

25Երբ անոնք գացին անկէ, մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զանիկա, անոր ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար ու զանիկա իր անկողնին մէջ սպաննեցին ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց թագաւորներու գերեզմանին մէջ չթաղեցին։

26Անոր դէմ դաւաճանութիւն ընողները ասոնք էին՝ Ամմոնացի կնոջ Սամեթի որդին Զաբադն ու Մովաբացի կնոջ Սամարիթի որդին Յովզաբադը։

27Անոր որդիներուն մասին ու իր քով հաւաքուած տուրքին շատութեանը մասին ու Աստուծոյ տանը նորոգութեանը մասին՝ ահա թագաւորներու գրքին յիշատակարանին մէջ գրուած է։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 24.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.