2 Chronicles 23WARMB

1Եօթներորդ տարին Յովիադա ուժովցաւ, դաշնադրութեամբ իրեն հետ առնելով հարիւրապետները՝ Յերոամին որդին Ազարիան եւ Յօհանանին որդին Իսմայէլը ու Ովբէդին որդին Ազարիան եւ Ադայիային որդին Մաասիան ու Զեքրիին որդին Եղիսափատը։

2Անոնք Յուդայի մէջ պտըտեցան ու Յուդայի բոլոր քաղաքներէն Ղեւտացիներն ու Իսրայէլի տոհմերուն իշխանները հաւաքեցին ու Երուսաղէմ եկան։

3Բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը մէջ թագաւորին հետ դաշինք կնքեցին ու Յովիադան անոնց ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդին թագաւոր պիտի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Դաւիթին որդիներուն համար ըսաւ։

4Ահա ձեր ընելիքը. ձեր մէկ երրորդ մասը, թէ՛ քահանաներէն եւ թէ՛ Ղեւտացիներէն շաբաթ օրը մտնողները, դռներուն պահպանութիւն պիտի ընեն։

5Ու ձեր մէկ երրորդ մասը՝ թագաւորին տունը ու մէկ երրորդ մասը Հիմին դուռը պիտի կենան, բայց բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը գաւիթներուն մէջ թող կայնի.

6Իսկ Տէրոջը տունը՝ քահանաներէն ու ծառայութիւն ընող Ղեւտացիներէն զատ ուրիշ մարդ պիտի չմտնէ։ Անոնք պիտի մտնեն, քանզի անոնք սուրբ են եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը հրամանը պիտի կատարէ։

7Ղեւտացիները՝ ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը բռնած՝ թագաւորին շուրջը պիտի կենան։ Տունը մտնողը պիտի մեռցուի։ Անոնք թագաւորին հետ պիտի ըլլան անոր մտած ու ելած ատենը»։

8Ու Ղեւտացիներն ու բոլոր Յուդան Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները, թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները. քանզի Յովիադա քահանան պաշտօնին վրայ եղողները չարձակեց։

9Յովիադա քահանան Դաւիթ թագաւորին նիզակները, ասպարներն ու վահանները, որոնք Աստուծոյ տանը մէջ էին, հարիւրապետներուն տուաւ

10Եւ բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը, տանը աջ կողմէն մինչեւ ձախ կողմը, սեղանին ու տանը քով թագաւորին շուրջը կեցուց։

11Թագաւորին որդին հանեցին ու անոր գլուխը դրին թագն ու վկայութիւնը ու զանիկա թագաւոր յայտարարեցին։ Յովիադան ու անոր որդիները զանիկա օծեցին ու ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։

12Գոթողիան, լսելով ժողովուրդին ձայնը, որոնք կը վազէին ու թագաւորը կ’օրհնէին, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ

13Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սիւնին քով սրահին մուտքը կեցեր էր եւ զօրապետներն ու փողերը թագաւորին քով էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով՝ փողեր կը հնչեցնէին ու երգողները նուագարաններով ու երաժշտապետները օրհնութիւններ կ’երգէին. այն ատեն Գոթողիան իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։

14Եւ Յովիադա քահանան զօրքին վրայ եղող հարիւրապետները հանեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու ասոր ետեւէն գացողը սրով թող մեռցուի (քանզի քահանան ըսեր էր՝ ‘Զանիկա Տէրոջը տանը մէջ մի՛ մեռցնէք’)։

15Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տանը ձիերու դռնէն ներս կը մտնէր, զանիկա հոն մեռցուցին։

16Յովիադան իրեն ու բոլոր ժողովուրդին ու թագաւորին մէջտեղ դաշինք կնքեց, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան։

17Բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան ու զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին ու Բահաղին քուրմը՝ Մատթանը՝ սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։

18Յովիադան Ղեւտացի քահանաներուն ձեռքով Դաւիթին Տէրոջը տանը համար պաշտօնեաներ դրաւ, որպէս զի Մովսէսին օրէնքին մէջ գրուածին պէս՝ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ուրախութեամբ ու երգով, ինչպէս Դաւիթ սահմաներ էր։

19Դռնապանները Տէրոջը տանը դռներուն քով կեցուց, որպէս զի ոեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ։

20Անիկա հարիւրապետներն ու ազնուականները եւ ժողովուրդին իշխաններն ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ ու թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուց եւ բարձր դռնէն թագաւորին տունը մտան ու թագաւորը նստեցուցին թագաւորական աթոռին վրայ։

21Երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ եւ քաղաքը հանգստութեան մէջ էր ու Գոթողիան սրով մեռցուցած էին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 23.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.