2 Chronicles 22WARMB

1Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ անոր պզտիկ որդին Ոքոզիան թագաւոր ըրին. քանզի Արաբացիներուն հետ բանակը եղող գունդերը բոլոր մեծերը մեռցուցեր էին։ Այսպէս Յուդային Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւորեց։

2Ոքոզիան քառասունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր ու Ամրիին աղջիկն էր։

3Անիկա ալ Աքաաբին տանը ճամբաներուն մէջ քալեց. քանզի անոր մայրը չարութիւն ընելու խորհուրդ կու տար անոր։

4Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ Աքաաբին տանը պէս. վասն զի իր հօրը մեռնելէն ետքը անոնք էին իր խորհրդականները՝ իր կործանման համար։

5Անիկա անոնց խորհուրդովը գնաց ու Աքաաբեան Յովրամին, Իսրայէլի թագաւորին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու գնաց։ Ասորիները Յովրամը զարկին։

6Եւ անիկա դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները իրեն տուեր էին Ռամովթի մէջ, Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը՝ Յովրամին որդին՝ Ազարիան՝ Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու, վասն զի անիկա հիւանդ էր։

7Ոքոզիային կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամին քով երթալովը. վասն զի երբ անիկա հոն գնաց, Նամեսսեան Յէուն դիմաւորելու ելաւ, որ Տէրը օծեր էր Աքաաբին տունը բնաջինջ ընելու համար։

8Երբ Յէուն Աքաաբին տանը վրայ Աստուծոյ վճիռը կը գործադրէր, Յուդային իշխանները եւ Ոքոզիային ծառայութիւն ընող Ոքոզիային եղբօրորդիները գտաւ ու զանոնք մեռցուց.

9Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուած էր։ Զանիկա բռնեցին եւ Յէուին բերելով մեռցուցին ու թաղեցին, քանզի ըսին. «Ասիկա բոլոր սրտով Տէրը խնդրող Յովսափատին որդին է»։ Ոքոզիային տունէն մէկը չկար՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։

10Իսկ Ոքոզիային մայրը Գոթողիան իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ ելաւ ու Յուդային տանը բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։

11Բայց թագաւորին աղջիկը Յօսաբէէ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն փախցուց զանիկա եւ անոր դայեակին հետ անկողիններու սենեակին մէջ դրաւ զանիկա ու այսպէս Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը Յօսաբէէն, Ոքոզիային քոյրը ըլլալով՝ Գոթողիան պահեց, որ զանիկա չմեռցնէ։

12Եւ Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տանը մէջ պահուեցաւ, երբ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 22.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.