2 Chronicles 27WARMB

1Յովաթամ քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր ու Սադովկին աղջիկն էր։

2Իր հօրը Ոզիային բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ. բայց Տէրոջը տաճարը չմտաւ ու ժողովուրդը տակաւին ապականած էր։

3Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց ու Ոփաղի պարսպին վրայ շատ բաներ շինեց։

4Յուդայի լեռնակողմը քաղաքներ ու անտառներու մէջ բերդեր ու աշտարակներ շինեց։

5Անիկա Ամմոնին որդիներուն եւ թագաւորին հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց եւ նոյն տարին Ամմոնին որդիները հարիւր տաղանդ արծաթ ու տասը հազար քոռ ցորեն եւ տասը հազար քոռ գարի տուին անոր։ Նոյնպէս երկրորդ ու երրորդ տարին ալ Ամմոնին որդիները նոյն բաները բերին։

6Յովաթամ զօրացաւ, վասն զի իր ճամբաները իր Տէր Աստուծոյն առջեւ շտկեց։

7Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր պատերազմները ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած են։

8Անիկա թագաւոր եղած ատենը քսանըհինգ տարեկան էր ու տասնըվեց տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։

9Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին եւ անոր որդին Աքազ անոր տեղ թագաւորեց։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 27.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.