2 Chronicles 17WARMB

1Անոր տեղը անոր որդին Յովսափատը թագաւոր եղաւ ու Իսրայէլին դէմ զօրացաւ։

2Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ ու Յուդայի երկրին մէջ ու անոր հօրը Ասային առած Եփրեմին քաղաքներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ։

3Տէրը Յովսափատին հետ էր. քանզի անիկա իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմը չփնտռեց,

4Հապա իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով եւ ո՛չ թէ Իսրայէլին պէս ընելով ։

5Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց ու բոլոր Յուդան Յովսափատին ընծաներ կը բերէր։ Անոր հարստութիւնն ու փառքը շատցաւ։

6Անոր սիրտը Տէրոջը ճամբաներուն մէջ զօրացաւ։ Անիկա բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց։

7Իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր իշխանները՝ Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը ու Միքիան՝ ղրկեց, որպէս զի Յուդային քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն։

8Անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղեւտացիները. նաեւ անոնց հետ՝ Եղիսամա ու Յովրամ քահանաները։

9Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին ու Տէրոջը օրէնքի գիրքը անոնց հետ էր։ Յուդայի բոլոր քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։

10Յուդային բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու Յովսափատին հետ պատերազմ չըրին։

11Փղշտացիներէն ալ Յովսափատին ընծաներ ու տուրք բերին։ Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։

12Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց։

13Անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր ։

14Այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխանը ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ։

15Անկէ ետքը Յօհանա իշխանը ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ։

16Անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիան, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ.

17Բենիամինէն զօրաւոր կտրիճ Եղիադան եւ անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ.

18Անկէ ետքը Յովզաբադն ու անոր հետ հարիւր ութսուն հազար սպառազինեալ մարդիկ։

19Ասոնք էին թագաւորին ծառայութիւն ընողները, բացի այն մարդոցմէ, որոնք թագաւորը բոլոր Յուդայի պարսպապատ քաղաքներուն մէջ դրաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 2 Chronicles 17.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.