1Յովսափատ խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ եւ Աքաաբին հետ խնամութիւն ըրաւ։
2Մէկ քանի տարի ետքը Սամարիա գնաց Աքաաբին։ Աքաաբ անոր ու անոր հետ եղող ժողովուրդին խիստ շատ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց ու զանիկա համոզեց, որ Ռամովթ-Գաղաադ երթայ։
3Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ ու իմ ժողովուրդս քու ժողովուդիդ պէս է։ Քեզի հետ պատերազմի երթանք »։
4Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը կամքը հարցուր»։
5Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւր հոգի էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Աստուած զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
6Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որպէս զի անոր ալ հարցնենք»։
7Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ, քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա՝ միշտ գէշ. անիկա Յեմլային որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։
8Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլային որդին Միքիան շուտով հոս բեր»։
9Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, Սամարիային դրանը առջեւի հրապարակին մէջ, ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։
10Քանանային որդին Սեդեկիան իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։
11Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
12Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար նպաստաւոր խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ»։
13Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ, այն պիտի ըսեմ»։
14Երբ անիկա թագաւորին գնաց, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա ըսաւ. «Ելէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք ու ձեր ձեռքը պիտի տրուին»։
15Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի»։
16Անիկա ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ եւ Տէրը ըսաւ. «‘Ասոնք տէր չունին’. ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։
17Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։
18Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը կայներ էին
19Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ո՞վ կրնայ խաբել, որպէս զի Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’։ Մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։
20Ու ոգի մը ելաւ եւ Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։
21Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի դնեմ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս։ Ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։
22Ահա Տէրը այս քու մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է. Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։
23Այն ատեն Քանանային որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօելու համար»։
24Միքիան ըսաւ. «Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։
25Թագաւորը ըսաւ. «Միքիան առէք ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տարէք
26Ու ըսէք՝ թագաւորը այսպէս կըսէ. ‘Զանիկա բանտը դրէք։ Մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէ՛ք’»։
27Միքիան ըսաւ. «Եթէ երբեք խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ» ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ ալ լսեցէ՛ք»։
28Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։
29Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ. բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտան։
30Ասորիներուն թագաւորը իր կառքերու պետին պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։
31Ու երբ կառքերու իշխանները Յովսափատը տեսան՝ «Իսրայէլի թագաւորը ասիկա է», ըսելով, անոր դէմ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց ու Տէրը իրեն օգնութիւն ըրաւ եւ Աստուած զանոնք իրմէ դարձուց։
32Երբ կառքերու իշխանները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։
33Եւ մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։
34Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ ու արեւուն մարը մտած ատենը մեռաւ։