1Ասային թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդային դէմ ելաւ ու Ռաման շինեց, որպէս զի չթողու որ Յուդայի Ասա թագաւորին քով մարդ մտնէ ու ելլէ։
2Ասա Տէրոջը տանն ու թագաւորին տանը գանձերէն արծաթ ու ոսկի հանեց ու Դամասկոս բնակող Ասորիներու թագաւորին՝ Բենադադին ղրկեց՝ ըսելով.
3«Իմ ու քու մէջտեղ դաշինք կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի կը ղրկեմ. եկո՛ւր, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշինքդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։
4Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ եւ իր զօրագլուխները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլմայիմն ու Նեփթաղիմին բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին։
5Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու գործը դադրեցուց։
6Ուստի Ասա թագաւորը բոլոր Յուդան առաւ ու Բաասային շինած Ռամայի քարերն ու փայտերը վերցուցին ու անոնցմով Գաբան ու Մասփան շինեցին։
7Այն ատեն Անանի տեսանողը Յուդային Ասա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չ’ապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ։
8Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիբէացիները խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջը ապաւինեցար՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնեց.
9Քանզի Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ։ Դուն այդ բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։
10Ասա՝ տեսանողին սրդողեցաւ ու զանիկա բանտը դրաւ, վասն զի այս բանին համար խիստ բարկացաւ անոր։ Այն ատեն Ասա ժողովուրդէն մէկ քանիներ հարստահարեց։
11Եւ Ասայի առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։
12Ասա իր թագաւորութեանը երեսունըիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ ու անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ եւ իր հիւանդութեանը մէջ ալ Տէրը չփնտռեց, հապա բժիշկներ փնտռեց ։
13Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անիկա իր թագաւորութեան քառասունըմէկերորդ տարին մեռաւ։
14Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ իրեն համար փորուած գերեզմանը թաղեցին եւ զանիկա խունկերով ու իւղագործի արուեստին զանազան բաղադրութիւններովը լեցուն անկողինի մը մէջ պառկեցուցին ու անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին։