1Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր
2Ու անոր իշխանները ասոնք էին. Սադովկի որդին Ազարիան քահանայ էր.
3Սիսայի որդիները Ելիքորէփն ու Աքիան ատենադպիրներ էին եւ Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակաց դպիր էր։
4Յովիադայի որդին Բանիան զօրքերուն վրայ էր եւ Սադովկն ու Աբիաթարը քահանաներ էին։
5Նաթանի որդին Ազարիան պաշարներու գործակալներուն վրայ էր ու Նաթանի որդին Զաբիուդը նախարար ու թագաւորին բարեկամն էր։
6Աքիսարը տանը հրամանատարն էր ու Աբդայի որդին Ադոնիրամը հարկերուն վրայ էր։
7Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ տասներկու գործակալներ ունէր, որոնք թագաւորն ու անոր տունը կը կերակրէին։ Կերակրելը ամէն մէկուն տարին մէկ ամիս կ’իյնար։
8Անոնց անունները ասոնք են՝ Եփրեմի լերան մէջ՝ Բենովրը,
9Մաքասի, Սաղաբինի, Բեթսամիւսի ու Ելօն-Բեթանանի մէջ՝ Բենդակարը,
10Արաբովթի մէջ՝ Բենհեսեդը, որուն կը վերաբերէր Սոքով ու բոլոր Ոփերի երկիրը,
11Բոլոր Դովրի գաւառին մէջ՝ Բենաբինադաբը։ Սողոմոնին աղջիկը՝ Տափաթ՝ ասոր կինն էր.
12Թանաքի ու Մակեդդովի մէջ ու Յեզրայէլի տակ՝ Սարթանի քով եղող բոլոր Բեթսանի մէջ ու Բեթսանէ մինչեւ Աբէլմաուլա ու մինչեւ Յեկմամի անդիի կողմը՝ Աքիղուդի որդին Բաանան,
13Ռամովթ-Գաղաադի մէջ՝ Բենգաբերը. Գաղաադի մէջ եղող Մանասեան Յայիրի գիւղաքաղաքները ու Բասանի մէջ եղող Արգովբի նահանգը՝ վաթսուն մեծ պարսպապատ ու պղնձանիգ քաղաքներ անոր կը վերաբերէին ։
14Մանայիմի մէջ՝ Ադդովի որդին Աքինադաղը,
15Նեփթաղիմի մէջ՝ Աքիմաասը, ասիկա ալ Սողոմոնին աղջիկը Բասեմաթը կին առաւ։
16Ասերի ու Բաալօթի մէջ՝ Քուսիին որդին Բաանան,
17Իսաքարի մէջ՝ Փարուային որդին Յովսափատը,
18Բենիամինի մէջ՝ Էլային որդին Սեմէին,
19Գաղաադի երկիրն ու Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը՝ Ուրիին որդին Գաբերն ու այն երկրին մէջ միայն մէկ գործակալ կար։
20Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։
21Սողոմոն Եփրատ գետէն մինչեւ Փղշտացիներուն երկիրը ու մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ կ’իշխէր եւ անոր ընծաներ կը բերէին ու Սողոմոնին ծառայութիւն կ’ընէին՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
22Սողոմոնին մէկ օրուան ռոճիկն էր՝ երեսուն քոռ նաշիհ ու վաթսուն քոռ ալիւր,
23Տասը գէր արջառ ու քսան արօտական արջառ ու հարիւր ոչխար, բացի եղջերուներէն, այծեամներէն, վիթերէն ու գիրցուած թռչուններէն։
24Քանզի անիկա Գետին ասդիի կողմի՝ Թափսայէն մինչեւ Գազա՝ Գետին ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր ու իր բոլորտիքը եղողներուն հետ խաղաղութեամբ կ’ապրէր։
25Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր։
26Սողոմոն իր կառքի ձիերուն համար քառասուն հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր։
27Այն գործակալները, ամէն մէկը իր ամսուան մէջ, Սողոմոն թագաւորը ու Սողոմոն թագաւորին սեղանին բոլոր մօտեցողները կը կերակրէին՝ բան մը պակաս չընելով.
28Նաեւ ձիերուն ու երիվարներուն համար, անոնց եղած տեղը, ամէն մէկը իր վրայ դրուած հարկին չափովը գարի ու յարդ կը բերէր։
29Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն տուաւ՝ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ։
30Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր։
31Անիկա բոլոր մարդոցմէ իմաստուն էր։ Եզրահացի Եթանէն ու Մաւուլի որդիներէն, Եմանէն, Քալքօլէն ու Դարդայէն, իմաստուն էր ու բոլոր շրջակայ ազգերուն մէջ անուանի եղաւ։
32Անիկա երեք հազար առակ գրեց ու անոր շարադրած երգերը հազար հինգ հատ էին։
33Անիկա ծառերուն վրայ խօսեցաւ, Լիբանանի եղեւինէն մինչեւ պատի վրայ բուսնող զոպան։ Նաեւ անասուններու վրայ, թռչուններու վրայ, սողուններու վրայ ու ձուկերու վրայ խօսեցաւ։
34Բոլոր ժողովուրդներէն ու անոր իմաստութեան համբաւը լսող բոլոր թագաւորներէն շատեր Սողոմոնին իմաստութիւնը մտիկ ընելու կու գային։