1Եւ Դաւիթ ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով, իր որդին Սողոմոնը Իսրայէլի վրայ թագաւոր կարգեց։
2Եւ Իսրայէլի բոլոր իշխանները նաեւ քահանաները ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան։
3Ղեւտացիներէն երեսուն տարեկանէն վեր եղող այր մարդիկը, մէկիկ մէկիկ համրուեցան։ Ու թիւը երեսունըութը հազար եղաւ։
4Դաւիթ ըսաւ. «Ասոնցմէ քսանըչորս հազարը՝ Տէրոջը տանը գործին վրայ ու վեց հազարը ոստիկաններ ու դատաւորներ թող ըլլան։
5Չորս հազարը դռնապաններ ու չորս հազարը օրհնելու համար շինած նուագարաններովս Տէրը թող օրհնեն»։
6Դաւիթ զանոնք բաժնեց՝ Ղեւիի որդիներուն՝ Գերսոնին, Կահաթին ու Մերարիին դասակարգութիւնները որոշելով ։
7Գերսոնեաններէն Ղադանն ու Սեմէին էին.
8Ղադանին որդիները՝ առաջինը Յեքիէլ, ետքը Զեթամ ու Յովէլ՝ երեք էին։
9Սեմէիին որդիները՝ Սաղօմօթ, Ազիէլ ու Արան՝ երեք էին։ Ասոնք Ղադանին տոհմերուն իշխաններն էին։
10Սեմէիին որդիները՝ Յեթ, Զիզա, Յեուս ու Բարիա էին։ Ասոնք՝ Սեմէիին որդիները՝ չորս հոգի էին։
11Առաջինը Յեթ ու երկրորդը Զիզա էր. բայց Յեուս ու Բարիա շատ որդիներ չունենալնուն համար մէկ ազգատոհմ հաշուեցին։
12Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ՝ չորս էին։
13Ամրամին որդիները Ահարոն ու Մովսէս էին։ Ահարոն ինք ու իր որդիները յաւիտեան որոշուեցան՝ ամենասուրբ բաներուն նուիրումը կատարելու՝ Տէրոջը առջեւ խունկ ծխելու, անոր ծառայութիւն ընելու ու անոր անունը յաւիտեան օրհնելու համար։
14Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին որդիները Ղեւիին ցեղին հետ համրուեցան։
15Մովսէսին որդիները՝ Գերսամ ու Եղիազար էին։
16Գերսամին որդիները՝ առաջինը Սուբայէլն էր
17Ու Եղիազարին որդիները՝ առաջինը Հռաբիան էր ու Եղիազար ուրիշ որդի չունէր. բայց Հռաբիային որդիները խիստ շատցան։
18Իսահառի որդիները՝ առաջինը Սաղօմօթն էր։
19Քեբրոնին որդիները՝ առաջինը Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկամամն էր։
20Ոզիէլին որդիները՝ առաջինը Միքան, երկրորդը՝ Յեսիան էր։
21Մերարիին որդիները Մոողին ու Մուսին էին. Մոողին որդիները՝ Եղիազարն ու Կիսն էին։
22Եղիազար մեռաւ։ Անիկա որդի չունէր, հապա միայն աղջիկներ ունէր։ Անոնք իրենց եղբայրները՝ Կիսին որդիները, առին։
23Մուսիին որդիները՝ Մոողի, Եդեր ու Յերիմովթ՝ երեք էին։
24Ասոնք Ղեւիին որդիներն էին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու անունով մէկիկ մէկիկ համրուած քսան տարեկանէն վեր՝ Տէրոջը տանը սպասաւորութիւն կատարողներուն պետերն էին։
25Քանզի Դաւիթ ըսեր էր. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը իր ժողովուրդը հանգստացուց ու յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակի
26Ու Ղեւտացիներն ալ խորանն ու անոր պաշտօնին ամէն անօթները՝ այսուհետեւ ա՛լ պիտի չկրեն»։
27Դաւիթին վերջին խօսքերուն համաձայն՝ Ղեւիին որդիներէն քսան տարեկանէն վեր եղողները համրուեցան,
28Որովհետեւ անոնց պաշտօնը՝ Տէրոջը տանը ծառայութեանը մէջ Ահարոնին որդիներուն օգնութիւն ընել, գաւիթներու ու սենեակներու վերակացու ըլլալ, բոլոր սուրբ բաները մաքրել ու Աստուծոյ տանը ծառայութիւնը կատարել էր,
29Նաեւ առաջաւորութեան հացին ու հացի ընծայի նաշիհին եւ անխմոր լաւաշներուն ու տապակին մէջ եփուած ու տապկուած բաներուն ու բոլոր չափերուն վերակացութիւնը ընել
30Եւ ամէն առտու ու իրիկուն Տէրը օրհնելու ու գովելու համար ոտքի վրայ կենալ
31Ու շաբաթ օրերը եւ ամսագլուխները ու մեծ տօներու մէջ Տէրոջը բոլոր ողջակէզները, իրենց թիւովը ու իրենց օրէնքովը, միշտ Տէրոջը առջեւ մատուցանել
32Ու Տէրոջը տանը ծառայութեանը համար վկայութեան խորանին պահպանութիւնը եւ սրբարանին պահպանութիւնը ու իրենց եղբայրներուն՝ Ահարոնին որդիներուն՝ պահպանութիւնը ընելն էր։