1 Chronicles 22WARMB

1Դաւիթ ըսաւ. «Ասիկա է Տէր Աստուծոյ տունը ու ասիկա է Իսրայէլի ողջակէզին սեղանը»։

2Եւ Դաւիթ հրամայեց, որ Իսրայէլի երկրին մէջ գտնուող օտարազգիները հաւաքեն ու Աստուծոյ տունը շինելու համար քարահատներ դրաւ, որպէս զի տաշուած քարեր պատրաստեն։

3Դաւիթ դրան փեղկերուն բեւեռներուն համար ու շրջանակներուն համար խիստ շատ երկաթ պատրաստեց եւ այնչափ շատ պղինձ, որ կշռել կարելի չէր

4Ու պատրաստած եղեւնափայտը համրել կարելի չէր, քանզի Սիդոնացիները եւ Տիւրացիները Դաւիթին շատ եղեւնափայտեր կը բերէին։

5Եւ Դաւիթ ըսաւ. «Իմ որդիս Սողոմոն փափուկ տղայ մըն է ու Տէրոջը շինուելու տունը մեծ, բարձր ու ամէն երկիրներու մէջ անուանի ու փառաւոր պէտք է ըլլայ, ուստի պէտք է անոր համար պատրաստութիւն տեսնեմ»։ Դաւիթ իր մեռնելէն առաջ խիստ շատ պատրաստութիւն տեսաւ։

6Ետքը իր որդին Սողոմոնը կանչեց ու անոր պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ տուն շինէ։

7Ու Դաւիթ Սողոմոնին ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, ես սրտանց փափաքեցայ, որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն շինեմ.

8Բայց Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. ‘Դուն շատ արիւն թափեցիր ու մեծ պատերազմներ ըրիր. դուն ինծի տուն պիտի չշինես, քանզի իմ առջեւս գետնի վրայ շատ արիւն թափեցիր.

9Ահա քեզի որդի մը պիտի ծնանի, անիկա հանգստութեան մարդ պիտի ըլլայ եւ զանիկա իր ամէն շրջակայ թշնամիներէն պիտի հանգչեցնեմ. քանզի անոր անունը Սողոմոն պիտի ըլլայ ու անոր օրերուն մէջ Իսրայէլի խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն պիտի տամ։

10Անիկա ինծի տուն պիտի շինէ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ ու ես անոր հայր պիտի ըլլամ եւ անոր թագաւորութեան աթոռը Իսրայէլի մէջ յաւիտեան պիտի հաստատեմ’։

11Ուրեմն, որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզի հետ ըլլայ ու յաջողութիւն գտնես եւ քու Տէր Աստուծոյդ տուն շինես, ինչպէս քեզի համար խօսեցաւ։

12Միայն թէ Տէրը քեզի իմաստութիւն ու հանճար տայ եւ քեզ Իսրայէլի վրայ հաստատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ օրէնքը պահես։

13Այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես, երբ զգուշութեամբ գործադրես այն կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց Իսրայէլի համար։ Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր։

14Եւ ահա ես իմ նեղութիւններուս մէջ՝ ՝ Տէրոջը տանը համար՝ հարիւր հազար տաղանդ ոսկի ու միլիոն տաղանդ արծաթ պատրաստեցի. իսկ պղինձն ու երկաթը այնքան շատ են, որ կշռել կարելի չէ. փայտեր ու քարեր ալ պատրաստեցի։ Անոնց վրայ դուն ալ աւելցուր։

15Եւ դուն քու քովդ խիստ շատ արհեստաւորներ՝ քարահատներ, որմնադիրներ, հիւսներ ու ամէն գործի համար ամէն տեսակ վարպետներ ունիս։

16Ոսկիին, արծաթին, պղինձին ու երկաթին հաշիւը չկայ. ելի՛ր ու այս գործին ձեռք զարկ՝ ՝ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։

17Եւ Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն պատուիրեց, որ իր որդիին Սողոմոնին ձեռնտու ըլլան

18Ու ըսաւ. «Ահա ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ է։ Անիկա ձեզ ամէն կողմէ հանգստացուց. որովհետեւ այս երկրին բնակիչները իմ ձեռքս տուաւ ու երկիրը Տէրոջը առջեւ ու անոր ժողովուրդին առջեւ նուաճուեցաւ։

19Եւ հիմա ձեր սիրտը ու ձեր հոգին ձեր Տէր Աստուածը թող խնդրեն ու ելէ՛ք Տէր Աստուծոյ սրբարանը շինեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը ու Աստուծոյ սուրբ անօթները Տէրոջը անուանը համար շինուած տունը տանիք»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Chronicles 22.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.