1 Chronicles 21WARMB

1Սատանան Իսրայէլին դէմ ելաւ ու Դաւիթը դրդեց, որ Իսրայէլը համրէ։

2Դաւիթ Յովաբին ու ժողովուրդին իշխաններուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, Իսրայէլը համրեցէ՛ք Բերսաբէէն մինչեւ Դան, ու հաշիւը ինծի բերէ՛ք, որպէս զի գիտնամ»։

3Եւ Յովաբ ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը հարիւրապատիկ աւելցնէ։ Ով տէր իմ թագաւոր, միթէ անոնց ամէնքը իմ տիրոջս ծառաները չե՞ն. իմ տէրս ինչո՞ւ ասով կը հետաքրքրուի. ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի յանցանքի պատճառ ըլլայ»։

4Բայց երբ թագաւորը իր խօսքը պնդեց, Յովաբ ելաւ ու բոլոր Իսրայէլի մէջ պտըտեցաւ ու Երուսաղէմ դարձաւ։

5Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը Դաւիթին ներկայացուց։ Բոլոր Իսրայէլի մէջ մէկ միլիոն հարիւր հազար սուր քաշող մարդ կար եւ Յուդա չորս հարիւր եօթանասուն հազար սուր քաշող մարդ ունէր։

6Սակայն Ղեւտացիներն ու Բենիամինեանները անոնց մէջ չհամրուեցան, քանզի թագաւորին այս հրամանը Յովաբին հաճելի չէր։

7Այս բանը Աստուծոյ առջեւ ալ գէշ երեւնալուն համար Աստուած Իսրայէլը զարկաւ։

8Այն ատեն Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Այս բանը ընելով մեծ մեղք գործեցի, ուստի կ’աղաչեմ, քու ծառայիդ ներէ՛, քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։

9Եւ Տէրը Դաւիթին տեսանողին Գադին խօսեցաւ ու ըսաւ.

10«Գնա՛ ու Դաւիթին խօսէ ըսելով՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք պատիժ կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ, որպէս զի քեզի ընեմ’»։

11Եւ Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ.

12«Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ընտրէ քեզի՝ կա՛մ երեք տարուան սով, կա՛մ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախուստ ու քու թշնամիներուդ սուրը քեզի հասնի եւ կա՛մ երեք օր Տէրոջը սուրը, այսինքն ժանտախտ ըլլայ երկրիս մէջ ու Տէրոջը հրեշտակը Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ կոտորած ընէ՛։ Հիմա ըսէ, զիս ղրկողին ի՞նչ պատասխան տանիմ»։

13Ու Դաւիթ ըսաւ Գադին. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. հիմա Տէրոջը ձեռքը իյնամ, քանզի անոր գթութիւնը խիստ շատ է ու մարդու ձեռք չիյնամ»։

14Եւ Տէրը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց ու Իսրայէլէն եօթանասուն հազար մարդ ինկաւ։

15Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց Երուսաղէմ, որպէս զի զանիկա կորսնցնէ ու երբ կը կորսնցնէր, Տէրը նայեցաւ ու այս չարիքին վրայ սիրտը իջաւ եւ կոտորած ընող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնային կալին քով կեցեր էր։

16Դաւիթ իր աչքերը վերցուց ու Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, որ երկրի ու երկնքի մէջտեղ կեցեր էր ու ձեռքը մերկ սուր մը կար, որ Երուսաղէմի վրայ երկնցուցեր էր։ Այն ատեն Դաւիթ ու ծերերը քուրձեր հագած երեսնուն վրայ ինկան։

17Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Ահա ե՛ս պատուիրեցի, որ ժողովուրդը համրեն ու ե՛ս եմ, որ մեղանչեցի ու մեծ չարութիւն ըրի. բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին։ Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ. բայց քու ժողովուրդիդ վրայ թող չըլլայ, զանիկա բնաջնջելու համար»։

18Տէրոջը հրեշտակը Գադին ըսաւ. «Դաւիթին ըսէ՛, որ ելլէ ու Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցնէ»։

19Եւ Դաւիթ վեր ելաւ Տէրոջը անունով ըսուած խօսքին համեմատ։

20Ու Ոռնան դարձաւ ու հրեշտակը տեսաւ եւ իր չորս որդիները իրեն հետ պահուեցան. (քանզի Ոռնա ցորեն կը ծեծէր)

21Ու Դաւիթ Ոռնային եկաւ։ Ոռնան նայեցաւ ու Դաւիթը տեսնելով՝ կալէն ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը Դաւիթին խոնարհութիւն ըրաւ։

22Այն ատեն Դաւիթ Ոռնային ըսաւ. «Այս կալին տեղը ինծի տուր, որպէս զի հոն սեղան մը շինեմ, (զանիկա լման գնով տուր ինձ) որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։

23Ոռնա Դաւիթին ըսաւ. «Զանիկա քեզի ա՛ռ ու իմ թագաւոր տէրս իր աչքին աղէկ երեւցածը թող ընէ. ահա եզները՝ ողջակէզի համար ու կամնասայլերը՝ փայտի համար ու ցորենը՝ հացի ընծայի համար կու տամ, ամէնքն ալ կու տամ»։

24Բայց Դաւիթ թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ, հապա զանոնք անշուշտ լման գնով ծախու պիտի առնեմ. քանզի քուկդ եղածը Տէրոջը համար պիտի չառնեմ, ո՛չ ալ ձրի առածս ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։

25Ու Դաւիթ այն տեղին համար կշիռքով վեց հարիւր սիկղ ոսկի տուաւ Ոռնային։

26Դաւիթ հոն Տէրոջը համար սեղան մը շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց եւ Տէրոջը աղաղակեց եւ Տէրը երկնքէն կրակով ողջակէզի սեղանին վրայ անոր պատասխան տուաւ։

27Եւ Տէրը հրեշտակին հրամայեց ու ա՛ն սուրը իր պատեանը դրաւ։

28Այն ատեն Դաւիթ տեսնելով որ Տէրը Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ իրեն պատասխան տուաւ, հոն զոհեր մատուցանեց։

29Իսկ անապատին մէջ Մովսէսին շինած Տէրոջը խորանն ու ողջակէզի սեղանը Գաբաւոնին բարձր տեղն էր

30Եւ Դաւիթ Աստուծոյ հարցնելու համար չկրցաւ անոր առջեւ երթալ, քանզի Տէրոջը հրեշտակին սուրէն վախցաւ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Chronicles 21.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.