1 Chronicles 24WARMB

1Ահարոնին որդիներուն դասակարգութիւնները ասոնք են. Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։

2Նադաբ ու Աբիուդ իրենց հօրմէն առաջ մեռան։ Անոնք որդի չունէին։ Եղիազարը ու Իթամարը քահանայ եղան։

3Դաւիթ ու Եղիազարի որդիներէն Սադովկը ու Իթամարի որդիներէն Աքիմելէքը զանոնք բաժնեցին անոնց համրանքովը անոնց պաշտօնին համար։

4Եղիազարին որդիներուն մէջ գտնուած իշխանները Իթամարին որդիներուն մէջ գտնուածներէն շատ էին։ Զանոնք այսպէս բաժնեցին։ Եղիազարին որդիներուն համար տասնըվեց իշխան՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու Իթամարին որդիներուն համար ութը իշխան ՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։

5Ասոնք ու անոնք ալ վիճակով բաժնուեցան, քանզի սրբարանին իշխաններն ու Աստուծոյ տանը իշխանները Եղիազարին որդիներէն ու Իթամարին որդիներէն էին։

6Ղեւտացիներէն՝ Նաթանայէլին որդին Սեմայիա դպիրը, թագաւորին ու իշխաններուն եւ Սադովկ քահանային ու Աբիաթարին որդիին Աքիմելէքին եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն նահապետներուն առջեւ մէկ ազգատոհմ Եղիազարէն առնելով ու մէկ ազգատոհմ Իթամարէն առնելով՝ զանոնք գրեց։

7Առաջին վիճակը Յովարիբին ելաւ, երկրորդը՝ Յեդայիային,

8Երրորդը՝ Հարիմին, չորրորդը՝ Սէուրինին,

9Հինգերորդը՝ Մեղքիային, վեցերորդը՝ Միամինին,

10Եօթներորդը՝ Ակկուսին, ութերորդը՝ Աբիային,

11Իններորդը՝ Յեսուին, տասներորդը՝ Սեքենիային,

12Տասնըմէկերորդը՝ Եղիասիբին, տասնըերկրորդը՝ Յակիմին,

13Տասնըերրորդը՝ Ոփփային, տասնըչորրորդը՝ Յեսբիաբին,

14Տասնըհինգերորդը՝ Բեղգային, տասնըվեցերորդը՝ Եմմերին,

15Տասնըեօթներորդը՝ Եզիրին, տասնըութերորդը՝ Ափեսեսին,

16Տասնըիններորդը՝ Փեթայիային, քսաներորդը՝ Եզեկիէլին,

17Քսանըմէկերորդը՝ Յաքինին, քսանըերկրորդը՝ Գամուլին,

18Քսանըերեքերորդը՝ Դաղայիային, քսանըչորրորդը՝ Մաաղիային։

19Այս է անոնց կարգադրութիւնը իրենց պաշտամունքին համար ու Տէրոջը տունը մտնելու համար՝ իրենց հօրը Ահարոնին միջոցով իրենց տրուած օրէնքին համեմատ՝ ինչպէս Իսրայէլին Տէր Աստուածը անոր պատուիրեր էր։

20Ղեւիին որդիներուն մնացորդները ասոնք էին. Ամրամին որդիներէն՝ Սուբայէլը, Սուբայէլին որդիներէն՝ Յադայիան,

21Հռաբիային, այսինքն Հռաբիային որդիներէն, առաջինը՝ Յեսիան,

22Իսահառին որդիներէն Սաղօմօթը, Սաղօմօթին որդիներէն Յէթը

23Ու Քեբրոնին որդիներէն առաջինը ՝ Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկակամը,

24Ոզիէլին որդիներէն՝ Միքան, Միքային որդիներէն՝ Սամիրը,

25Միքային եղբայրը՝ Յեսիան, Յեսիային որդիներէն՝ Զաքարիան,

26Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին. Յազիային որդին Բենովը,

27Մերարիին որդիները՝ Յազիայէ Բենովը, Սօհամը, Զաքուրն ու Եբրին էին։

28Մոողիէն Եղիազարը ծնաւ ու անիկա որդի չունէր։

29Կիսէն, այսինքն Կիսին որդիներէն՝ Յերամէլն էր։

30Մուսիին որդիները՝ Մոողին, Եդերն ու Յերիմովթն էին։ Ղեւտացիներուն որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։

31Ասոնց համար ալ, իրենց եղբայրներուն Ահարոնին որդիներուն պէս, Դաւիթ թագաւորին ու Սադովկի ու Աքիմելէքի եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն տոհմապետներուն առջեւ վիճակ ձգեցին, թէ՛ տոհմապետներուն եւ թէ՛ անոնց պզտիկ եղբայրներուն համար։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for 1 Chronicles 24.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.