Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Romans 6

:
Armenian - 2019
1 Ի՞նչ ըսենք, ուրեմն շարունակե՞նք մեղքի մէջ մնալ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը բազմանայ։
2 Քա՛ւ լիցի։ Մենք որ մեղքին համար մեռանք՝ ի՞նչպէս կրնանք տակաւին մեղքի մէջ ապրիլ։
3 Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք՝ որ Յիսուս Քրիստոսի միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտութեամբ անոր մահուան հաղորդակից դարձանք։
4 Այսինքն, մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք։
5 Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս իրեն կցորդ պիտի ըլլանք՝ իրեն հետ յարութիւն առնելով։
6 Գիտենք թէ մեր մէջ եղող հին մարդը անոր խաչակից եղաւ՝ որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք։
7 Որովհետեւ երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն։
8 Քանի մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք թէ նաեւ անոր հետ պիտի ապրինք։
9 Գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ այսուհետեւ չի մեռնիր, այլեւս մահը չի կրնար անոր տիրել։
10 Երբ մեռաւ՝ մեղքին համար մեռաւ, միակ անգամուան մը համար, եւ հիմա որ կենդանի է՝ Աստուծոյ համար կենդանի է։
11 Նոյնպէս ալ դուք, դուք ձեզ մեռած համարեցէք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
12 Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով։
13 Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք։
14 Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին։
15 Ուրեմն ի՞նչ. քանի շնորհքին ենթակայ ենք եւ ոչ Օրէնքին, մե՞ղք գործենք։ Բնա՛ւ երբեք։
16 Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք՝ անոր ծառան եղած կ՚ըլլաք։ Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ՚ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ՚արդարանաք։
17 Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզիաւանդուած վարդապետութեան օրինակին,
18 մեղքի տիրապետութենէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք։
19 Ծառայի օրինակով կը խօսիմ, որովհետեւ այդպէս աւելի հասկնալի է ձեզի։ Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք։
20 Երբ մեղքին ծառայ էիք, հեռու էիք արդարութենէն։
21 Ի՞նչ շահեցաք այն ժամանակուան ձեր գործերէն, որոնցմէ կ՚ամչնաք հիմա. որովհետեւ անոնց հետեւանքը մահ է։
22 Բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաները։ Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը ։
23 Որովհետեւ մեղքին վարձրատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։