Romans 5
1 Հիմա որ ա՛լ հաւատքով արդարացած ենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։
2 Քրիստոս ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով։
3 Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան,
4 համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս,
5 իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
6 Որովհետեւ մինչ անկարող էինք փրկութեան հասնելու՝ Քրիստոս յարմար ժամանակին մեռաւ մեզի՝ մեղաւորներուս համար։
7 Արդարեւ, հազիւ թէ գտնուի մէկը որ յանձն առնէ արդարի մը համար մեռնիլ. թերեւս գտնուի մէկը որ բարի մարդու մը սիրոյն համարձակի մահը յանձն առնել։
8 Բայց Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։
9 Իսկ հիմա որ իր արիւնով արդարացած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ Քրիստոսով պիտի փրկուինք Աստուծոյ բարկութենէն։
10 Որովհետեւ, եթէ Աստուած իր Որդիին մահովը մեզ իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք իրեն, հիմա որ ա՛լ հաշտուած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով։
11 Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ Աստուծմով, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ, որուն միջոցաւ հիմա հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ։
12 Մէկ անձի մը պատճառով էր որ մեղքը աշխարհ մտաւ, եւ մեղքին պատճառով աշխարհ մտաւ մահը։ Եւ այսպիսով մահը տիրեց բոլոր մարդոց. որովհետեւ բոլորն ալ մեղք գործեցին։
13 Մեղքը աշխարհի մէջ էր, ուրեմն, դեռ Օրէնքը չեկած. բայց մեղքը նկատի չէր առնուեր, քանի Օրէնք չկար։
14 Եւ սակայն Ադամէն սկսեալ մինչեւ Մովսէս մահը թագաւորեց նոյնիսկ անոնց վրայ՝ որոնք Ադամի գործած անհնազանդութեան մեղքը չգործեցին։ Իսկ Ադամ նախօրինակն էր անոր՝ որ պիտի գար։
15 Բայց նախ՝ յստակ տարբերութիւն մը կայ մեղքին եւ շնորհքին միջեւ. որովհետեւ եթէ ճշմարիտ է որ մէկուն յանցանքով բոլորը մեռան, շատ աւելի ճշմարիտ է՝ որ Աստուած միակ մարդու մը՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ իր շնորհքն ու պարգեւը առատացուց բոլորին վրայ։
16 Ապա՝ դարձեալ տարբերութիւն կայ մէկուն մեղանչումով յառաջ եկած արդիւնքին եւ շնորհքին միջեւ. որովհետեւ մինչ մէկուն մեղանչումով աստուածային դատաստանը դատապարտութեան տակ կ՚առնէր բոլորը, շնորհքը՝ հակառակ բոլորին մեղանչումին՝ կ՚արդարացնէ զանոնք։
17 Որովհետեւ, եթէ ճշմարիտ է որ միակ մարդու մը պատճառով, մէկ հոգիին յանցանքով մահը թագաւորեց, ո՛րքան աւելի ճշմարիտ է՝ որ Աստուծոյ առատ շնորհքն ու արդարութեան պարգեւը ստացողները պիտի թագաւորեն կեանքի մէջ, միակ անձի մը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
18 Հետեւաբար, ինչպէս որ մէկ հոգիին յանցանքով բոլոր մարդիկ դատապարտութեան ենթակայ եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին արդար գործով բոլոր մարդիկ կ՚արդարանան ու կեանք կ՚ունենան։
19 Որովհետեւ, ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութեամբ բոլորը մեղաւոր եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին հնազանդութեամբ բոլորը պիտի արդարանան։
20 Մինչ այդ, Օրէնքը գալով՝ յանցանքը շատցաւ։ Միւս կողմէ, ուր որ մեղքը շատցաւ՝ այնտեղ Աստուծոյ շնորհքը աւելի առատացաւ։
21 Որպէսզի, ինչպէս որ մեղքը թագաւորեց՝ մահ պատճառելով, այնպէս ալ շնորհքը թագաւորէ՝ մարդիկը արդարութեամբ յաւիտենական կեանքի սահմանելու համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։