Bible

Create

Inspiring Presentations Without Hassle

Try Risen Media.io Today!

Click Here

Romans 10

:
Armenian - 2019
1 Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները,
2 որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ։
3 Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ՚ուզէր արդարացնել մարդիկը։ Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին։
4 Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ։
5 Օրէնքէն եկող արդարութեան մասին Մովսէս կը գրէ. «Ով որ զայն կատարէ՝ անով պիտի փրկուի»։
6 Իսկ հաւատքէն եկող արդարութեան մասին այսպէս կ՚ըսէ. «Դուն քեզի մի՛ ըսեր.– Ո՞վ երկինք պիտի ելլէ», ըսել կ՚ուզէ՝ Քրիստոսը հոնկէ իջեցնելու համար.
7 «Կամ մի՛ ըսեր.– Ո՞վ անդունդ պիտի իջնէ», այսինքն՝ Քրիստոսը մեռելներէն հանելու համար։
8 Նայէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ գիրքը. «Աստուծոյ պատգամը մօտիկ է քեզի, քու բերնիդ եւ սրտիդ մէջ է». ըսել կ՚ուզէ՝ հաւատքի պատգամը, որ մենք կը քարոզենք։
9 Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զինք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս։
10 Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի։
11 Եւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Ով որ անոր հաւատայ՝ ամօթով պիտի չմնայ»։
12 Հաւատքի մէջ խտրութիւն չկայ Հրեային ու հեթանոսին միջեւ. բոլորին ալ Տէրը նոյն Տէրն է, որ գթառատ է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք զինք կը կանչեն,
13 ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
14 Բայց ի՞նչպէս մարդիկ օգնութեան պիտի կանչէին Քրիստոսը, առանց անոր հաւատացած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատային անոր, առանց իր մասին լսած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի լսէին, եթէ քարոզող մը չկար.
15 եւ կամ՝ ի՞նչպէս պիտի քարոզէին զայն, առանց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու։ Այդ քարոզութեան կ՚ակնարկէ մարգարէն, երբ կը գրէ. «Ի՜նչ գեղեցիկ է տեսնել աւետիս բերողները, որոնք կու գան խաղաղութեան լուրը տալու եւ գալիք բարօրութիւնը աւետելու»։
16 Բայց բոլորը չընդունեցին այդ աւետիսը. արդարեւ Եսայի մարգարէ կը գոչէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։
17 Կը նշանակէ, հետեւաբար, թէ հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին։
18 Բայց, կը հարցնեմ.– Չլսեցի՞ն արդեօք. ընդհակառակը, «Ամբողջ աշխարհ իմացաւ անոնց ձայնը, մինչեւ աշխարհի ծայրերը հասաւ անոնց պատգամը»։
19 Բայց կրկին կը հարցնեմ.– Արդեօք Իսրայէլ չիմացա՞ւ։ Անշո՛ւշտ իմացաւ։ Ատոր համար է որ Աստուած նախ Մովսէսի միջոցաւ կ՚ըսէ. «Ես ձեր նախանձը պիտի գրգռեմ ժողովուրդով մը, որ դեռ ժողովուրդ չէ. անմիտ ժողովուրդով մը ձեր սիրտը պիտի կսկծեցնեմ»։
20 Եսայի մարգարէի բերնով Աստուած շատ աւելին կ՚ըսէ. «Զիս գտան անոնք՝ որ զիս չէին փնտռեր. յայտնուեցայ անոնց՝ որոնք ինձմով չէին հետաքրքրուեր»։
21 Իսկ Իսրայէլի համար կ՚ըսէ. «Ամբողջ օրը փորձեցի ետ ինծի դարձնել անհնազանդ եւ ինձմէ ապստամբած ժողովուրդը»։