Bible

Elevate

Your Sunday Morning Worship Service

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Romans 11

:
Armenian - 2019
1 Արդ, կը հարցնեմ.–Արդեօք Աստուած մերժե՞ց իր ժողովուրդը։ Բնա՛ւ երբեք։ Որովհետեւ ես ինքս ալ Իսրայէլացի եմ, Աբրահամի սերունդ, Բենիամինիցեղէն։
2 «Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը», զոր սկիզբէն ընտրեց։ Կամ չէ՞ք գիտեր ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ գիրքը Եղիայի մասին, թէ ի՛նչպէս Եղիա Իսրայէլը կ՚ամբաստանէր Աստուծոյ առջեւ, ըսելով.
3 « Տէ՛ր, մարգարէներդ կոտորեցին, զոհասեղաններդ կործանեցին. միայն ես մնացի, եւ զիս ալ կ՚ուզեն սպաննել»։
4 Բայց ի՞նչ կը պատասխանէ իրեն Աստուած. «Ինծի համար եօթը հազար մարդ պահեցի,– կ՚ըսէ,– որոնք Բահաղին երկրպագութիւն չըրին»։
5 Ներկայ ժամանակին նոյնպէս Աստուած իր շնորհքին իբրեւ արտայայտութիւն՝ իր ընտրութեամբ մնացորդ մը պահեց։
6 Արդ, եթէ ընտրութիւնը շնորհքի արտայայտութիւն է՝ ուրեմն մարդոց գործերէն կախում չունի. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը այլեւս շնորհք չ՚ըլլար։
7 Ուրե՞մն։ Իսրայէլ չկրցաւ ձեռք բերել այն՝ ինչ որ կ՚ուզէր. միայն ընտրեալ մնացորդն էր որ տիրացաւ անոր, իսկ միւսները Աստուծոյ շնորհքին դէմ փակեցին իրենց սիրտերը,
8 ինչպէս որ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Աստուած ապշութեան մատնեց զանոնք, որպէսզի աչք ունենալով հանդերձ՝ չտեսնեն, ականջ ունենալով հանդերձ՝ չլսեն, դեռ մինչեւ այսօր»։
9 Իսկ Դաւիթ կ՚ըսէ.– «Թող անոնց սեղանը որոգայթ ու ծուղակ ըլլայ իրենց համար, գայթակղութիւն եւ հատուցում ըլլայ իրենց համար։
10 Թող խաւարին աչքերն անոնց, որպէսզի չտեսնեն. յաւիտեան գլխիկոր դարձուր զանոնք»։
11 Արդ, կը հարցնեմ.– Միթէ դիտմամբ մոլորեցան որ կորուստի՞ մատնուին։ Բնա՛ւ երբեք։ Բայց անոնց յանցանքը պատճառ եղաւ, որ Աստուած փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկէ, որպէսզի անոնց նախանձըգրգռէ։
12 Բայց եթէ անոնց յանցանքը պատճառ եղաւ որ աշխարհը Աստուծոյ շնորհքով հարստանայ, այսինքն՝ անոնց նուաստացումը պատճառ եղաւ որ հեթանոսները Աստուծոյ շնորհքով հարստանան, ո՜րքան աւելի մեծ պիտի ըլլայ բարիքը՝ երբ անոնք բոլորը հասնին փրկութեան։
13 Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ՚ըսեմ.– Հեթանոսներուն առաքեալ ըլլալու իմ պաշտօնովս կը պարծենամ,
14 մտածելով որ թերեւս այս ձեւով ազգակիցներուս նախանձը գրգռեմ եւ յաջողիմ անոնցմէ ոմանք փրկել։
15 Որովհետեւ, եթէ Աստուած զանոնք մերժեց՝ որպէսզի հեթանոս աշխարհը հաշտեցնէ իրեն հետ, կը նշանակէ թէ երբ վերստին ընդունի զանոնք՝ մեռելներու յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ։
16 Թէ Աստուած վերստին պիտի ընդունի զանոնք՝ յստակ է, որովհետեւ երբ բերքին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայուած է, կը նշանակէ թէ ամբողջը Աստուծոյ ընծայուած է. նոյնպէս, եթէ ծառին արմատները Աստուծոյ նուիրուած են, կը նշանակէ թէ ճիւղերն ալ Աստուծոյ նը— ւիրուած են։
17 Ճիշդ է որ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, եւ դուն՝ որ վայրի ձիթենի մըն էիր՝ անոնց տեղ պատուաստուեցար եւ այդ ձիթենիին արմատներէն եկող հարուստ աւիշը ըմպեցիր։
18 Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները քու վրադ։
19 Հիմա պիտի ըսես՝ «Աստուած այդ ճիւղերը կտրեց՝ զիս պատուաստելու համար»։
20 Իրաւ է, անոնք՝ Հրեաները կտրուեցան՝ որովհետեւ չհաւատացին, եւ դուն՝ հեթանոսդ, հաւատալուդ համար արմատին վրայ հաստատուեցար. բայց մի՛ հպարտանար, այլ՝ վախցիր։
21 Որովհետեւ եթէ Աստուած բուն ճիւղերուն չխնայեց, թերեւս քեզի երբեք չխնայէ։
22 Տե՛ս թէ ո՛րքան բարի է Աստուած եւ խիստ՝ միաժամանակ։ Խիստ է հաւատքի մէջ կործանածներուն հանդէպ եւ բարի՝ քեզի հանդէպ, պայմանաւ որ շարունակես անոր բարութեան արժանի մնալ. այլապէս դուն ալ պիտի կտրուիս։
23 Նոյնպէս ալ, եթէ Հրեաները թողուն իրենց անհաւատութիւնը, կրկին պիտի պատուաստուին արմատին վրայ, որովհետեւ Աստուած կրնայ զանոնք վերստին պատուաստել։
24 Եթէ դուն, որ իսկականին մէջ վայրի ձիթենի մըն էիր, կտրուեցար եւ պատուաստուեցար ընտանի ձիթենիին վրայ որ քու բունդ չէր, որքա՜ն աւելի դիւրութեամբ պիտի պատուաստուին նոյն այդ ձիթենիին բնական ճիւղերը։
25 Եղբայրնե՛ր, որպէսզի դուք ձեզ իմաստուն չհամարէք՝ կ՚ուզեմ որ Աստուծոյ ծրագիրին վերաբերմամբ հետեւեալ ծածուկ խորհուրդը գիտնաք, թէ Իսրայէլի մէկ մասին ցուցաբերած յամառ մերժումը պիտի տեւէ այնքան՝ մինչեւ որ բոլոր հեթանոսները Աստուծոյ դառնան.
26 որմէ ետք ամբողջ Իսրայէլն ալ պիտի փրկուի։ Ինչպէս որ գրուած է.– «Սիոնէն պիտի գայ Փրկիչը, եւ Յակոբի սերունդին մեղքերը մէկ կողմ պիտի դնէ։
27 Եւ ասիկա պիտի ըլլայ այն ուխտը որ պիտի կնքեմ անոնց հետ, երբ իրենց մեղքերը ջնջեմ»։
28 Թէպէտ Աւետարանին հանդէպ իրենց կեցուածքով անոնք Աստուծոյ թշնամի եղան, ինչ որ ձեզի նպաստաւոր եղաւ, բայց Աստուծոյ ընտրութիւնը նկատի ունենալով՝ անոնք սիրելի են Աստուծոյ, իրենց հայրերուն սիրոյն։
29 Որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը անդառնալի են։
30 Որովհետեւ, ինչպէս որ դուք ժամանակ մը անհնազանդ էիք Աստուծոյ, իսկ հիմա Աստուծոյ ողորմութեան արժանացաք անոնց անհնազանդութեամբը,
31 այնպէս ալ հիմա անոնք մերժեցին Աստուծոյ հնազանդիլ՝ ձեր գտած ողորմութեան պատճառով, որպէսզի իրենք եւս ողորմութեան արժանանան։
32 Արդարեւ Աստուած էր որ բոլոր մարդիկը անհնազանդութեան ենթակայ պահեց, որպէսզի բոլորին ալ ողորմի։
33 Օ՜, ի՜նչ խորունկ են Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը, իմաստութիւնն ու գիտութիւնը։ Որքա՜ն անքննելի են անոր վճիռները, եւ անզննելի են անոր ճամբաները։
34 Եւ իրապէս, «Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, կամ ո՞վ երբեք խորհուրդ տուաւ անոր.
35 կամ ո՞վ ինչ տուաւ անոր երբեք, որ փոխարէնը առնելիք ըլլայ անկէ»։
36 Որովհետեւ ամէն ինչ իրմէ է, իրմով եւ իրեն համար գոյութիւն ունի։ Յաւէտ փա՜ռք իրեն։ Ամէն ։