Bible

Upgrade

Your Church Presentations in Minutes

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Romans 9

:
Armenian - 2019
1 Քրիստոսով ճշմարիտը կ՚ըսեմ, առանց ստելու, եւ խիղճս ալ Սուրբ Հոգիով կը վկայէ՝
2 որ մեծ տրտմութիւն մը եւ անհատնում ցաւ մը ունիմ սրտիս մէջ։
3 Պիտի ուզէի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ՝ իմ արենակից եւ ազգակից եղբայրներուս համար,
4 որոնք Իսրայէլացի են, եւ իրենցն են՝ թէ՛ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու փառքը, թէ՛ Ուխտին գիրքերը, թէ՛ օրէնսդրութիւնը, թէ՛ պաշտամունքը եւ թէ՛ խոստումները։
5 Իրենցն են նաեւ նահապետները, եւ իրենցմէ էր որ մարմնաւորապէս ծնաւ Քրիստոս, որ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է։ Ամէն ։
6 Եւ սակայն, Աստուծոյ խոստումը բնաւ չի կրնար վրիպած ըլլալ։ Արդարեւ, Իսրայէլէն եղող ամէն մարդ Իսրայէլացի չէ,
7 եւ Աբրահամէն սերած ամէն զաւակ Աստուծոյ որդի չէ. այլ, ինչպէս խոստումն ալ կ՚ըսէր, «Իսահակէն ծնածներն են որ քու սերունդդ պիտի կոչուին»։
8 Այսինքն, ըսել կ՚ուզէ՝ թէ մարմնաւոր ծնունդները չե՛ն Աստուծոյ որդիները, այլ՝ խոստումով ծնածներն են որ Աստուծոյ սերունդ պիտի նկատուին։
9 Որովհետեւ Աստուած Աբրահամին խոստում տուած եղաւ՝ երբ ըսաւ. «Գալ տարի այս ատեն պիտի գամ եւ Սառա զաւակ մը պիտի ունենայ»։
10 Բայց ո՛չ միայն այսքան։ Ռեբեկա մէկ յղութեամբ երկուորեակ զաւակ ունեցաւ մեր հօրմէն՝ Իսահակէն։
11 Եւ մինչ տակաւին անոնք ծնած չէին, եւ հետեւաբար բարի կամ չար բան մը գործած չէին, Աստուած Ռեբեկայի ըսաւ.
12 «Երէց զաւակդ կրտսերին ծառայ պիտի ըլլայ»։ Ասիկա ըրաւ՝ որպէսզի ցոյց տայ՝ թէ իր ծրագիրը կը հիմնուի ազատ ընտրութեան վրայ, որ կախում չունի մարդոց գործերէն, այլ միայն Աստուծմէ՝ որ զանոնք իրեն կը կանչէ.
13 ինչպէս որ գրուած է. «Յակոբը սիրեցի, իսկ Եսաւը՝ մերժեցի»։
14 Արդ, ի՞նչ ըսենք. միթէ Աստուծոյ քով անարդարութի՞ւն կայ։ Բնա՛ւ երբեք։
15 Արդարեւ, Մովսէսին կ՚ըսէ. «Որու որ ողորմիլ կ՚ուզեմ՝ պիտի ողորմիմ, որու որ գթալ կ՚ուզեմ՝ պիտի գթամ»։
16 Յստակ է, որ ո՛չ մարդուս կամեցողութենէն եւ ո՛չ ալ թափած ճիգէն կախում ունի, այլ միայն Աստուծոյ ողորմութենէն։
17 Ինչպէս որ Սուրբ գիրքին մէջ Աստուած փարաւոնին կ՚ըսէ. «Քեզ բարձրացուցի՝ որպէսզի քեզմով իմ զօրութիւնս ցոյց տամ եւ անունս ճանչցուի ամբողջ աշխարհի մէջ»։
18 Կը նշանակէ թէ որուն որ ուզէ՝ կ՚ողորմի եւ որուն որ սիրտը կարծրացնել ուզէ՝ կը կարծրացնէ։
19 Անշուշտ կրնայ մէկը հարցնել.– Ուրեմն՝ ալ ի՞նչ կը մեղադրէ։ Ո՞վ իր կամքին հակառակ կրցած է կենալ։
20 Բայց ո՞վ ես դուն, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ դէմ կը խօսիս։ «Միթէ ստեղծուածը կրնա՞յ իր ստեղծիչին ըսել՝ ինչո՞ւ զիս այսպէս ստեղծեցիր»։
21 Կամ կաւագործ բրուտը իրաւունք չունի՞ նոյն շաղուածքէն տարբեր անօթներ շինելու, մէկը պատուական, միւսը հասարակ։
22 Արդ, Աստուած իր բարկութիւնը ցոյց տալ եւ իր զօրութիւնը ճանչցնել ուզելով՝ մեծ համբերատարութեամբ համբերեց բարկութեան արժանի մարդոց, որոնք կորուստի դատապարտուած են,
23 որպէսզի միւս կողմէ իր մեծ փառքը յայտնուի անոնց վրայ՝ որոնք իր ողորմութեան արժանի են եւ որոնք ինք սկիզբէն պատրաստեց՝ իր փառքին մասնակից դարձնելու համար։
24 Այս վերջինները մենք ենք, որ Աստուած կանչեց ո՛չ միայն Հրեաներէն, այլ նաեւ բոլոր ազգերէն,
25 ինչպէս որ Ովսէա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ.– «Ան որ իմ ժողովուրդս չէր՝ իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ, ան որ սիրելի չէր ինծի՝ սիրելի պիտի կոչեմ։
26 Եւ ճիշդ այնտեղ ուր իրենց ըսի՝ “Դուք իմ ժողովուրդս չէք”, այնտեղ անոնք կենդանի Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին»։
27 Իսկ Եսայի մարգարէն Իսրայէլի համար այսպէս կը գոչէ. «Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ըլլայ, պզտիկ մնացորդ մը միայն պիտի փրկուի։
28 Որովհետեւ Տէրը արդարութեամբ եւ ամբողջապէս կը կատարէ իր խոստումը, եւ անյապաղ պիտի կատարէ իր խոստումը երկրի վրայ»։
29 Եւ ինչպէս կանխաւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ Եսայի.– «Եթէ Ամենակալ Տէրը մեզմէ մնացորդ մը պահած չըլլար՝ Սոդոմի եւ Գոմորի նման կորսուած պիտի ըլլայինք»։
30 Ուրեմն ի՞նչ կ՚եզրակացնենք։ Հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարացան, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին.
31 մինչդեռ Իսրայէլի ժողովուրդը չարդարացաւ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ, որ տրուած էր՝ մարդիկը արդարացնելու համար։
32 Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ չհաւատաց Քրիստոսի, եւ կը կարծէր թէ Օրէնքին գործադրութեամբը պիտի արդարանայ։ Ատիկա իսկ պատճառ եղաւ որ գլորին «գայթակղութեան առիթ հանդիսացող քար» ին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի,
33 որուն համար մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ քար մը՝ որ գլորումի առիթ պիտի ըլլայ, ժայռ մը՝ որ գայթակղութեան առիթ պիտիհանդիսանայ։ Բայց անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»։